Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Սիրելի երիտասարդներ, ամենակարեւոր բաներէն մին քալելն է։

Սինոդի ամենաշատ երիտասարդներէն մէկը արձանգրեց Պապին լսատեսողական պատգամ մը աշխարհի երիտասարդներուն եւ երիտասարդուհիներուն համար։ Քահանայապետը պատգամին մէջ նոր սերունդները կը քաջալերէ «միշտ քալելու» եւ երբեք կանգ չ՝առնել, որպէսզի չյայտնուի ջուրին նման, որ եթէ կանգ առնէ՝ կ՝ապականի։

Չորեքշաբթի, 23 հոկտեմբերին, սինոդի ամենաշատ երիտասարդներէն մէկը արձանգրած է Պապին լսատեսողական պատգամ մը ուղղուած աշխարհի երիտասարդներուն եւ երիտասարդուհիներուն։ Մամլոյ ասուլիսին ժամանակ ցուցադրուած լսատեղոական պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ըսէ. 

«Սիրելի երիտասարդներ, ամենակարեւոր բաներէն մին քալելն է։

Երբ երիտասարդ մը կը քալէ ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ, բայց երբ երիտասարդ մը կանգ առնէ...կը նմանի ջուրին։

Երբ ջուրը կը քալէ լաւ է, բայց երբ կը կանգնի….շատ գէշ կը վերջանայ, տգեղ է նման շատ մը «գազաններու» (փոքր կենդանիներու) ներսէն:

Յոգնած ջուրը առաջինն է` որ կ՛ապականի։ Յոգնած երիտասարդը առաջինն է որ կ՛ապականի։

Յառաջ` միշտ քալեցէք։ Դէպի առջեւ նայեցէք քաջութեամբ եւ ուրախութեամբ։

Ցտեսութիւն. Աղօթեցէք ինծի համար։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2024, 13:49