2024.10.26 Sinodo dei Vescovi - XVII Congregazione Generale

Փաստաթուղթը նուէր է Աստուծոյ ողջ ժողովրդին՝ իր արտայայտութիւններու բազմազանութեամբ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սիւնհոդոսի անդամներուն ուղղած եզրափակիչ խօսքին մէջ Քահանայապետը յայտարարեց թէ միտք չունի յետ սիւնհոդոսական յորդորագիր մը հրատարակել ու թէ Փաստաթուղթը կարեւոր ուղեցոյց մըն է զոր ինք կը դնէ բոլոր Եկեղեցիներու ու հաւատացեալներու տրամադրութեան տակ։ Ան ապա հաստատեց թէ որոշ որոշումներ կը պահանջեն ժամանակ, ունկնդրութիւն ու զատորոշում հրաւիրելով բոլորը վկաներն ու ձայնը դառնալու սիւնհոդոսին ու Եզրափակիչ Փաստաթուղթին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Եզրափակիչ Փաստաթուղթով մենք հաւաքեցինք տարիներու, նուազագոյնը երեք տարիներու պտուղը, որոնց ընթացքին մենք մեզ դրինք Աստուծոյ Ժողովուրդին ունկնդրութեան տակ, աւելի լաւ հասկնալու համար ինչպէս այս ժամանակներուն ըլլալ «Սիւնհոդոսական Եկեղեցի մը։ Աստուածաշունչի յղումները, որոնք կը բանան իւրաքանչիւր գլուխ, կը դասաւորեն պատգամը՝ զայն խաչաձեւելով Յարութիւն առած Տիրոջ ժեստերու և խօսքերուն հետ, որ մեզ կը կոչէ ըլլալու իր Աւետարանին վկաները` կեանքով նախքան խօսքով»։ Այս տողերով կը սկսի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին` Շաբաթ 26 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ անցեալ 2 հոկտեմբերին սկիզբ առած սիւնհոդոսին մասնակցող անդամներուն ուղղած եզրափակիչ ողջոյնի խօսքը, ի տես Սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերու եւ ընդհանրապէս երեք տարիներ առաջ սկիզբ առած սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսի ուղեւորութեան աւարտին։

Եզրափակիչ Փաստաթուղթը բազմակի պարգև

«Եզրափակիչ Փաստաթուղթը կը ներկայացնէ բազմակի պարգև՝ Հռոմի եպիսկոպոսին, Աստուծոյ ժողովրդին և այն վառ և գործունեայ սինոդալ ճանապարհին համար, որ մենք միասին ապրեցանք», դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով «ունկնդրութեան» կարեւորութիւնը ու այս ուղղութեամբ հարկաւոր նկատելով` որ Հռոմի Եպիսկոպոսը` այսինքն Ինք Քահանայապետը, որուն պարտականութիւններէն է հաւատքի մէջ հաստատել եղբայրներն ու քոյրերը... եւ հովուել հօտը, «պէտք ունի ունկնդրելու Եպիսկոպոսներն ու Եկեղեցիները», պահպանելու ու խթանելու համար ներդաշնակութիւնը` զոր «Սուրբ Հոգին կը շարունակէ տարածել Աստուծոյ Եկեղեցւոյ մէջ, հակառակ «յոգնութիւններուն, լարուածութիւններուն ու բաժանումներուն, որոնք կը յատկանշեն ճանապարհը»։

Իւրաքանչիւրի սրտին մէջ սիրոյ խօսքեր զոր պէտք է տարածել

Յղում կատարելով Վատիկանեան Բ Ժողովին Նորին Սրբութիւնը կը յիշեցնէ` որ Եկեղեցին Աստուածային «Շնորհքին Խորհուրդն» է. «Աստուծոյ Շնորհքը իր Հոգիի միջոցով սիրոյ խօսքեր կը շշնջէ իւրաքանչիւրի սրտին մէջ: Մեզի կը մնայ ուժեղացնել այս շշուկի ձայնը՝ առանց արգելք հանդիսանալու անոր, բանալ դռները՝ առանց պատեր կառուցելու» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեցնելով թէ ինչպէս սիւնհոդոսական հաւաքին սկիզբը իրենք ներում հայցած էին, իրենք զիրենք ճանչնալով, որպէս գթութեան ու ողորմութեան կարօտ ունեցող անձեր։

Քրիստոնէական կեանքը` անյագ տօնախմբութիւն, աստուածային շնորհքին ներքոյ

Քահանայապետը առ այդ կիսեց կաթողիկէ Եկեղեցւոյ խորհրդազգաց ու բանաստեղծ Madeleine Delbrêl-ի մէկ բանաստեղծութիւնը որ կ՛առաջարկէ «կարծր չ՛ըլլալ» եւ քրիստոնէական կեանքը ապրիլ որպէս անյագ տօնախմբութիւն աստուածային շնորհքին ներքոյ»։

Ըլլալ խաղաղութեան վկաներ

Հաստատելով ապա թէ Փաստաթուղթի հիման վրայ կան ու պիտի ըլլան առնուելիք որոշումներ Քահանայապետը խրախուսեց ներկաները «այս պատերազմներու ժամանակահատուածին ըլլալու խաղաղութեան վկաներ, կեանք տալով նաեւ տարբերութիւններու մէջ համակեցութեան» ապա նշեց թէ ինչ միտ չունի հրատարակել ,«յետ սիւնհոդոսկան յորդորագիր մը» ինչպէս է սովորութիւնը, որովհետեւ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը «Փաստաթուղթին մէջ արդեն ներառուած են գործնական ցուցմունքներ, որոնք կարող են ուղեցոյց ըլլալ տարբեր ցամաքամասերուն մէջ ներկայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան» փաստաթուղթը դնելով բոլորի տրամադրութեան տակ։

Որոշումները կը պահանջեն ժամանակ, ունկնդրութիւն ու զատորոշում

Քահանայապետը առ այդ ընդունած է` որ «որոշումները ժամանակ, ունկնդրութիւն ու զատորոշում» կը պահանջեն ու թէ ինք պիտի շարունակէ ունկնդրել Եպիսկոպոսներն ու Եկեղեցին, որոշ հարցերու մասին որոշումներ կայացնելու համար, թէեւ, նկատել տուաւ Ան «այս չի նշանակեր որոշումները յետաձգել առ յաւէտ» ու թէ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ են «դադարներ, լռութիւն ու աղօթք» ինչպէս պատահեցաւ սիւնհոդոսական ուղեւորութեան ընթացքին։

Վկաներն ու ձայնը դառնալ սիւնհոդոսին ու Փաստաթուղթին

Սրբազան Պապը հրաւիրեց հուսկ ներկաները իրենց գործնական վկայութեամբ փաստաթուղթը տարածելու իրենց եկեղեցիներուն մէջ, հաստատելով` որ ապրուած փորձառութիւնը պարգեւ մըն է, զոր կարելի չէ պահել մենք մեզի եւ կարեւորելով «գործի լուծուելու անհրաժեշտութիւնը»` յորդորեց գործնական կերպով աշխատելու խաղաղութեան կառուցումին ի նպաստ «որպէսզի ան իրականանայ ունկնդրութեան, երկխօսութեան ու հաշտութեան գործընթացքներու միջոցաւ»։

Սուրբ Հոգին ներդաշնակութիւն` միութեան աղբիւր

Ընդգծելով ապա թէ ներդաշնակութիւնը Սուրբ Հոգիին գործն է, որ է միութեան աղբիւրը, Նորին Սրբութիւնը մաղթեց` որ այդ ներդաշնակութիւնը դուրս գայ այդ սրահէն ու Յարուցեալի շունչը բոլորին օգնէ` որ կիսեն ընկալուած պարգեւները» Ան ապա խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին։

Կապուիլ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած հաղորդագրութեան (Անգլերէն)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2024, 19:25