2024.10.21 Angola - Cardeal Eugenio Dal Corso, Vescovo emérito di Benguela, 2º Cardinale della storia di Angola - deceduto 20-10-24 in Italia

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական գիրը ի լուր Կարդինալ Տալ Քորսոյի մահուան

«Ան Տիրոջ ու Եկեղեցիին ծառայեց նուիրուելով մասնաւորապէս աւելիով տկար ու դիւրաբեկ անձերուն որոնց վկայեց Քրիստոսին սէրը» գրած է Նորին Սրբութիւնը վերոնշեալ հեռագիրին մէջ իր աղօթքները ապահովեցնելով այդ «բարի ծառային» որպէսզի Սուրբ Կոյս Մարիամի առաջնորդութեամբ ընկալուի Երկնքի յաւիտենական խնճոյքին մէջ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սուրբ Ճովաննի Քալապրիայի Հոգեւոր զաւակ Կարդինալ Էուճենիօ Տալ Քորսոյին կորուստը հուզմունք պատճառեց իմ հոգւոյս մէջ, զայն յիշելով որպէս Իտալիոյ մէջ հաւատարիմ կրօնաւոր եւ կրքոտ առաքեալ Արժանթինի եւ Անկոլայի մէջ ուր անուանուեցաւ Սուրիմոյի ապա Պենկուելաի Եպիսկոպոս». Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակացական հեռագիրի տողերն են ասոնք ուղղուած Վերոնայի Եպիսկոպոս Գերապ. Տոմենիքօ Փոմփիլիի ի լուր Կարդինալ Էուճենիօ Տալ Քորսոյի մահուան որ պատահեցաւ անցեալ կիրակի օր, Վերոնայի Նեկար գիւղաքաղաքի Աստուածային Նախախնամութեան Աղքատ Ծառաներու տան մէջ, ուր ան կը բնակէր իր հրաժարականէն ետքը։

«Ան Տիրոջ ու Եկեղեցիին ծառայեց նուիրուելով մասնաւորապէս աւելիով տկար ու դիւրաբեկ անձերուն որոնց վկայեց Քրիստոսին սէրը» գրած է Նորին Սրբութիւնը վերոնշեալ հեռագիրին մէջ իր աղօթքները ապահովեցնելով այդ «բարի ծառային», «որպէսզի Սուրբ Կոյս Մարիամի առաջնորդութեամբ ընկալուի Երկնքի յաւիտենական խնճոյքին մէջ»։

Կարդինալ Տալ Քորսօ ծանծ էր  16 Մայիս 1939, Վերոնայի մէկ փոքր գիւղաքաղաքի մը մէջ եւ փոքր տարիքին մտած է Աստուածային Նախախնամութեան Աղքատ Ծառաներու միաբանութեան մէկ տունը։ Ան իր առաջին ուխտերը կատարած է  8 սեպտեմբեր 1959, եւ 16 տարիներ ետք 1975 սկիզբ տուած է իր առաքելական գործունէութեան որ զինք մղած է մինչեւ Արժանթին ուղտերէն կը փոխադրուի Անկոլա։ 

15 դեկտեմբեր 1995ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ զայն կը նշանակէ Սաուրիմօ թեմին օգնական եպիսկոպոս որուն տիտղոսաւորը կը դառնայ 15  Յունուար  1997ին։  18 Փետրուար 2008 ին կը նշանակուի Պենուելայ Թեմին եպիսկոպոս ուր կը ծառայէ մինչեւ 26 Մարտ 2018, երբ կը հրաժարի տարիքի բերումով ու կը վերադառնայ իր ծննդավայրը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2024, 13:18