2021.04.29 Pontificia Università Gregoriana

Յառաջիկայ 5 Նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի այցելէ Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանը

Յայտնենք որ Գրիգորեան Քահանայապետական համալսարանը հնագոյնն է Հռոմի պապական համալսարաններէն։ Անոր ծագումը թուագրուած է Յիսուսի ընկերութեան հիմնադիր Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլայի անմիջական նախաձեռնութեամբ, որ 1551 թուականին դրաւ հռոմէական վարժարանի հիմքերը, որ յայտնի է նաև որպէս «Universitas omnium Nationum», ի ծառայութիւն ընդհանրական Եկեղեցւոյ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Գրիգորեան Քահանայապետական Համալսարանի «Dies Academicus – Ակադեմիական Օրուան» առիթով յառաջիկայ երեքշաբթի 5 նոյեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Յիսուսեաններու Քահանայապետական համալսարանը։ Լուրը կը հաղորդէ նոյնինքն Համալսարանի հաղորդակցութեան գրասենեակը նշելով` թէ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ համալսարանի տեսչութեան անձնակազմի եւ աշակերտութեան հետ։

Հանդիպումին սկիզբը ողջոյնի խօսքերով հանդէս պիտի գան Յիսուսեան Միաբանութեան Մեծաւոր Հայր Արթուրօ Սոզան եւ համալսարանի Ռեկտոր Հար Մարք Լեվիսը։ Հանդիպումին օրակարգը պիտի աւարտի համալսարանի երեք առաքելութիւններու համար մի քանի ակադեմիական մրցանակներու տուչութեամբ։

Յայտնենք` որ Գրիգորեան Քահանայապետական համալսարանը հնագոյնն է Հռոմի պապական համալսարաններէն։ Անոր ծագումը թուագրուած է Յիսուսի ընկերութեան հիմնադիր Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլայի անմիջական նախաձեռնութեամբ, որ 1551 թուականին դրաւ հռոմէական վարժարանի հիմքերը, որ յայտնի է նաև որպէս «Universitas omnium Nationum», ի ծառայութիւն ընդհանրական Եկեղեցւոյ։

1873 թուականին Պիոս Թ Պապը հրահանգեց որ համալսարանը պաշտօնապէս անուանուի Քահանայապետական ​​Գրիգորեան համալսարան։ Եւ 1930ին բացումը կատարուեցաւ համալսարանի ներկայ շէնքին Հռոմի Piazza della Pilotta հրապարակին վրայ:

2024 թուականի մայիսի 19-էն Յիսուսի Ընկերութեան վստահուած այլ երկու հաստատութիւններ՝ Աստուածաշունչի Քահանայապետական ինստիտուտը և Արևելեան Քահանայապետական ինստիտուտը, վերջնականապէս ընդգրկուեցան Գրիգորեան համալսարանին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապին կարգադրութեամբ։

Աստուածաշունչի Քահանայապետական ինստիտուտը, հիմնուած է 1909 թուականին Պիոս Ժ Քահանայապետի կողմէ իսկ Արևելեան Քահանայապետական ինստիտուտը հիմնուած է Պենետիկտոս ԺԵ կողմէ 1917ին։

«Ֆրանչիսկոս Պապին այս այցը կարևոր իրադարձութիւն է մեր պատմութեան մէջ»,- բացատրեց Հայր Մարք Լեվիսը հաստատելով որ «Համալսարանի երեք առաքելութիւնները - աստուածաշնչականը և արևելեանը  զօդուած Գրիգորեանի սկզբնական առաքելութեան -  մեզ կը բանան դէպի նոր հորիզոններ: Ուրախ ենք Սրբազան Հայրը ընկալելու այս պատմական պահուն»։

Մինչեւ օրս Գրիգորեան համալսարանը ունի 121 ազգութիւններէ 2952 աշակերտ, 16 ակադեմիական մասնաճիւղեր ուր կը դասաւանդուին` աստուածաբանութիւն, փիլիսոփայութիւն, արևելեան եկեղեցական գիտութիւն, եկեղեցական կանոնագրութիւն, ուսումնասիրութիւններ հին Մերձաւոր Արևելքի մասին, աստուածաշնչական հնագիտութեան, գիտական սոցիալական հարցեր, եկեղեցւոյ պատմութիւն և մշակութային ժառանգութիւն, հոգեբանութիւն, մարդաբանութիւն և պաշտպանութիւն, հրէական ուսումնասիրութիւններ, միջկրօնական ուսումնասիրութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2024, 13:32