Ափրիկէ մէջ միսիոնարներուն առաքելութիւնը Ափրիկէ մէջ միսիոնարներուն առաքելութիւնը 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Միսիոնարները խաղաղութեան եւ եղբայրութեան գործիչներ դառնալ

Նորին Սրբութիւնը կը քաջալերէ շարունակելու հանդիպումի եւ մշակոյթի խթանման գործին մէջ, դառնալով բաց յարգելից երկխօսութեան ինչպէս նաեւ եղբայրսիրութեան աւետարանի կենդանի վկաները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 23 հոկտեմբերին, Իտալիոյ Փեսքարա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Ափրիկէի մէջ զարգացման համար, Կրթութիւն եւ կազմաւորում. Միսիոնարներուն դերակատարութիւնը» միջոցառումը՝  նախաձեռնութեամբ միջազգային համագործակցութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներուն։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը Ֆրանչիսկոս Պապին անունով պատգամ մը յղելով համագումարին մասնակիցներուն նշեց« 

Պապին պատգամը համագումարի մասնակիցներուն

«Նախաձեռնութեամբ միջազգային համագործակցութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներուն «Ափրիկէի մէջ զարգացման համար, Կրթութիւն եւ կազմաւորում. Միսիոնարներուն դերակատարութիւնը» միջոցառումի առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապը իր ողջոյնները ու անկեղծ գնահատանքը կը փոխանցէ այս կարեւոր հանդիպումին մասնակիցներուն։

Նորին Սրբութիւնը կը մաղթէ, որ այս միջոցառումը՝ որ նպատակադրուած է նպաստելու փոխադարձ փորձառութիւններուն՝ բոլոր անոնց, որոնք կ՝աշխատին կրթական եւ ընկերային մարզէն ներս՝ Ափրիկէի ցամաքամասին մէջ ամրացնէ զօրակցութեան եւ մարդասիրական յանձնառութեան արժէքները, բոլոր անոնց հոգիներուն մէջ որոնք իրենց սիրտերուն մէջ կը կրեն վերջիններուն խնդիրները, յատուկէն տառապանքէ խոցուած տարածքներէն ներս, դառնալով ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան եւ կրթութեան գործիչներ

Նորին Սրբութիւնը կը քաջալերէ շարունակելու հանդիպումի եւ մշակոյթի խթանման գործին մէջ, դառնալով բաց յարգելից երկխօսութեան ինչպէս նաեւ եղբայրսիրութեան աւետարանի կենդանի վկաները»։

Կարդինալ Փարոլին Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ուղերձը աւարտեց փոխանցելով Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական օրհնութիւնը միջոցառումի բոլոր մասնակիցներուն։

Միսիոնարներու ներկայացուցիչներուն նամակը

Համագումարին ընթացքին կարդացուեցաւ աշխարհի մէջ տարածուած միսիոնարներուն ներկայացուցիչները պատգամը ուղղուած G7 երկիրներուն կառավարական իշխանութիւններուն։

Պատգամին մէջ միսիոնարներու ներկայացուչիչները նախարարներներէն կը խնդրեն, որ զօրակցին Ափրիկէի մէջ կրթական միջոցառումներուն, նկատել տալով որ այդ տարածաշրջանը ունի մարդկային եւ հոգեւոր ուժ, սակայն կը բախի լուրջ կրթական խնդիրներուն, որոնց շարքին սահարային հարաւը գտնուող Ափրիկէն, ուր մէ 98 միլիոն մանուկները դպրոց չեն յաճախեր եւ երիտասարդ բնակչութեան շրջաններէն ներս, գրագիտութեան աճող դժուարութիւններ կան ու Համաճարակը նաեւ սրած է այդ պայմանները։

Ոգեշնչուելով ապա քահանայապետական վարդապետութենէն եւ այն տեսլականէն, միսիոնարներու ներկայացուցիչները կը յիշեցնեն, որ Քաղաքականութիւնը կրնայ եղբայրսիրութեան ձեւ մը ըլլայ, յայտնելով իրենց համզումը, որ այդ նպատակները անհասանելի չեն եւ ոչ ալ ֆինանսապէս չափազանց ու կը մաղթեն խիղճի եւ համապարփակ մակարդակի վրայ պատասխանատուութեան արթնութիւն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2024, 17:30