Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Բոլորին հետ կիսել հաւատքի, յոյսի եւ ուրախութեան իմաստը

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց եւ պատգամ ուղղեց Dresden-Meißen թեմերու եւ «Սասսոնիա»ի Լուտերական Աւետարանական եկեղեցւոյ ուխտաւորներուն։ Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց ուխտագնագութեան իմաստին վրայ ըսելով որ ուխտագնացութիւն կատարել կը նշանակէ մտնել ուղեւորութեան մը մէջ, որ յաճախ դէպի սրբավայրը կը տանի ու այդ ուղեւորութիւնը կը դառնայ մարդու կեանքի ճանապարհորդութեան եւ վերջնական նպատակներուն խորհրդանիշը որ Ինքնին Աստուած է...»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 2 հոկտեմբերին, Վատիկանի «Պօղօս Զ» անուան դահլիճին մէջ առաւօտեան ժամը 8ին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Dresden-Meißen» թեմերու եւ «Սասսոնիա»ի Լուտերական Աւետարանական եկեղեցւոյ ուխտաւորները ու անոնց ուղղած սիրտի խօսքը սկսաւ ողջունելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով երգչախումբին կատարած գեղեցիկ երգեցողութեան համար։

Պատգամին մէջ Սրբազան հայրը ապա անդրադառձաւ ուխտագնացութեան իմաստի մասին, նշեց որ ուխտագնացութիւն կատարելը կը նշանակէ մտնել ուղեւորութեան մը մէջ՝ ընդհանրապէս յաճախ դէպի սրբավայր մը ու այդ ուղեւորութիւնը կը դառնայ մարդու կեանքի ճանապարհորդութեան եւ վերջնական նպատակներուն խորհրդանիշը  որ Ինքնին Աստուած է...»

Անդրադառնալով ապա ներկաներուն ուխտագնացութեան նպատակին, «Վերագտնել ուխտագնացութեան հոգեւոր գանձերը միասնաբար եւ մեր ժամանակակից մարդոց հետ», Քահանայապետը հաստատեց «Այո՛ Մեր հաւատքին բոլոր հարստութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է, որ ստացանք ոչ միայն մեզի համար, այլ միշտ ուրիշներուն համար, մեզի շրջապատող անձերուն համար, ներառեալ անոնց համար, որոնք հեռու են հաւատքէն, անոնց համար, որոնք տակաւին չլսեցին Քրիստոսի խօսիլը կամ կը ալ կը մտածեն, որ Յիսուս իրենց ըսելիք ոչ մէկ կարեւոր բան ունի»։

Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ իրեն համար կը թուի, թէ այսօր շատ մը անձերուն մէջ կը պակսի այն իմաստը որ յոյսը, ուրախութիւնը աշխարհը չկրնար տալ ու այս առումով յորդորեց բոլորին հետ կիսելու յոյսի, ուրախութեան եւ հաւատքի իմաստը՝ վստահութեամբ եւ խոնարհութեամբ ու եկեղեցւոյ անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ Յիսուսի համամիութենական առաքելութիւնը լուրջ կերպով կատարելնուն համար ինչպէս նայեւ զայն իրականացնելու համար, որպէս ընդհանուր ուխտագնացութիւն որ նոյնքան կարեւոր է ամէնօրեայ կեանքին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Dresdner Kapellknaben”, երգչախումբին ըսելով «Արուեստը՝ ընդհանրապէս, իսկ երաժշտութիւնը մասնաւորապէս լեզու մըն է, որ կը հասկցուի բոլորին կողմէ եւ ունակ է ներշնչելու, ոգեշնչելու մարդկանց ու որոշ բաներ դժուար է արտայայտել խօսքերով եւ սա յատկապէս ճիշտակ է աստուածային խորհուրդին համար, որ շատ աւելի է քան մեր միտքերն ու հասկացողութիւնները ու ահա ասոր համար եկեղեցիներու մէջ ունինք հարուստ խորհրդապաշտութիւն, որ անասելին շօշափելի կը դարձնէ՝ մոմերը, խունկը, արուեստը եւ երաժշտութիւնը»։ Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց միասնաբար աշխատելու եւ վկայելու յոյսը ու աա հրաւիրեց աղօթելու Հայր մեր տէրունական աղօթքը, «որ ողջ քրիստոնեաները կը միացնէ։ Հայր Մերով խնդրենք այն ինչ որ պէտքը ունինք ապրելու համար, մեր ուխտագնացութեան համար, որուն աւարտին պիտի իրականանայ մեծ յոյսը. Լիակատար հաղորդութիւն Աստուծոյ եւ մեր միջեւ» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2024, 14:10