Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Երկխօսութեան քաջութիւն՝ ատելութիւնն ու պատերազմը յաղթահարելու համար։

Ամէն տարի Ասիզզի մէջ տեղի կ՝ունենայ խաղաղութեան համար միջ կրօնական միջազգային հանդիպում։ Յիշեալ միջոցառումը նախաձեռնած Է 1986ին Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապ ու տեղի կ՝ունենայ Ասիզզի մէջ։ «Խաղաղութեան համար խօսքեր» վերնագիրով հատորին մէջ որուն նախաբանը ստորագրած Ֆրանչիսկոս Պապը պարունակուած են Սան Էճիտիօ բարեգործական հասարակեան հիմնադրի Անտրէա Ռիքարտիի խօսքերը արտասանած վերը յիշուած խաղաղութեան համար միջ կրօնական հանդիպումներուն ընթացքին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապի ստորագրութիւնը կրող նախաբանով «Սան Էճիտիօ» բարեսիրական հասարակութեան հիմնադիր, Անտրէա Ռիքարտիի «Խաղաղութեան խօսքեր» վերնագիրով հատորը, որ կը պարունակէ Սան Էճիտիօ հասարակութեան հիմնադիրին ճառերը՝ արտասանած Ասիզզիի մէջ ամեն տարի կազմակերպուած խաղաղութեան համար միջկրօնային հանդիպումին ընթացքին։

Յիշենք, որ Ասիզզի մէջ միջկրօնական միջազգային խաղաղութեան համար հանդիպումը հիմնուած է 1986ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կամքով։

Նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ, թէ «Խաղաղութեան համար խօսքեր» վերնագիրով հատորը կը վկայէ այն երկար ուղեւորութիւնը, որ կ՝ընթանայ 1986ին, Ասիզզի մէջ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կամքով խաղաղութեան համար միջկրօնական հանդիպումէն մինչեւ մեր օրերը ու Անտրէա Ռիքարտիի յօդուածներու հաւաքածոյին միջոցաւ կը զգացուին ներկայ ժամանակուան խնդիրները, պատերազմի սպառնալիքները ու խաղաղութեան ակնկալիքները։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով ամէն տարի Ասիզզի մէջ կազմակերպուած խաղաղութեան համար միջ կրօնական հանդիպումի միջոցառումին դիտել կու տայ, որ այդ հանդիպումը ամէն տարի կը յիշեցնէ երկխօսութեան քաջութիւնը ապա կը նշէ, թէ կրօնական առաջնորդները կանչուած են ըլլալու ճշմարիտ երկխօսներ, կանչուած են գործելու խաղաղութեան կառուցումին մէջ՝ ոչ թէ որպէս միջնորդներ, այլ որպէս իսկական միջամտողներ։ Իւրաքանչիւրը մեզմէ կանչուած է խաղաղութեան արուեստագէտ ըլլալու՝ միացնելով եւ ոչ թէ բաժնելով, վերացնելով ատելութիւնը եւ ոչ թէ զայն պահպանելով, բանալով երկխօսութեան ուղիները եւ ոչ թէ բարձրացնելով նոր պատնէշներ» գրած է Քահանայապետը «Խաղաղութեան համար խօսքեր» հատորի նախաբանին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2024, 12:14