Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ղրղստանի հանրապետութեան նախագահը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 4 հոկտեմբերին, Վատիկանի «Պօղոս Զ» անուան փոքրիկ դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ղրղստանի հանրապետութեան նախագահ, տիար Տատիր Զհաբարովը, նախագահը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարարբերութիւններուն քարտուղար, գերպ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերի։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանքի,որ սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցանՍուրբ Աթոռի եւ Ղրղստանի միջեւ առկայ բարի յարաբերութիւնները կարեւորուեցաւ փոխադարձ համագործակցութիւնը՝ առողջապահական, կրթական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ քննարկումի նիւթ եղան տեղական եկեղեցւոյ որոշ երեւոյթներ։
Զեկոյցի ընթացքին, տեղի ունեցաւ նաեւ կարծիքներու փոխանակում միջազգային ընթացիկ հարցերուն շուրջ, յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելով ընթացող հակամարտութիւններուն, ինչպէս նաեւ մարդասիրական խնդիրներուն, ընդգծելով խաղաղութեան զարգացման հրատապ յանձնառութեան հրամայականը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ