Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ղրղստանի հանրապետութեան նախագահն ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ղրղստանի հանրապետութեան նախագահն ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ղրղստանի հանրապետութեան նախագահը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ղրղստանի հանրապետութեան միջեւ հանդիպումի մասին։ Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած տ կարծիքներու փոխանակում ընթացիկ հարցերու շուրջ, յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելով ընթացիկ հակամարտութիւններուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 4 հոկտեմբերին, Վատիկանի «Պօղոս Զ» անուան փոքրիկ դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ղրղստանի հանրապետութեան նախագահ, տիար Տատիր Զհաբարովը, նախագահը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարարբերութիւններուն քարտուղար, գերպ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերի։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանքի,որ սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցանՍուրբ Աթոռի եւ Ղրղստանի միջեւ առկայ բարի յարաբերութիւնները կարեւորուեցաւ փոխադարձ համագործակցութիւնը՝ առողջապահական, կրթական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ  քննարկումի նիւթ եղան տեղական եկեղեցւոյ որոշ երեւոյթներ։

Զեկոյցի ընթացքին, տեղի ունեցաւ նաեւ կարծիքներու փոխանակում միջազգային ընթացիկ հարցերուն շուրջ, յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելով ընթացող հակամարտութիւններուն, ինչպէս նաեւ մարդասիրական խնդիրներուն, ընդգծելով խաղաղութեան զարգացման հրատապ յանձնառութեան հրամայականը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2024, 11:24