Գաղթականներ, Լիբանան, Սուրիա, պատերազմ Գաղթականներ, Լիբանան, Սուրիա, պատերազմ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Պատերազմը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ թող դադրի եւ տարածքային ամբողջականութիւնը յարգուի

Քահանայապետական «Իքս» ընկերային ցանցի վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ երկու գրառումներով կը վերահաստատէ «խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պայմաններու մէջ ապրելու իրաւունքը եւ կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ զինադար հաստատելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, մաղթելով որ փախչող Լիբանանցիները շուտով կարողանան վերադառնալ իրենց կեանքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քահանայապետական «Իքս» ընկերային ցանցի վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ երկու գրառումներով նախ կը վերահաստատէ «խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պայմաններու մէջ ապրելու իրաւունքը» ապա կոչ կ՛ուղղէ «անյապաղ զինադար հաստատելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ», մաղթելով, որ փախչող Լիբանանցիները շուտով կարողանան ապրիլ խաղաղ։

Ֆրանչիսկոս Պապին «Իքս» վրայ առաջին գրառումին մէջ կը կարդանք.

«Բոլոր ազգերը իրաւունք ունին գոյատեւելու խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մէջ։ Անոնց հողատարածքներ պէտք չէ որ յարձակումի ենթարկուին, անոնց ինքնիշխանութիւնը պէտք է, որ յարգուի եւ երաշխաւորուի խաղաղութեան եւ երկխօսութեան միջոցաւ։ Պատերազմն ու ատելութիւնը բոլորին համար միայն մահ ու կործանում կը բերեն. #Խաղաղուիւն։ 

«Իքս»ի վրայ կատարած երկրորդ գրառումին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ կ՝ուղղէ անյապաղ հրադադար հաստատելու Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր ճակատներու վրայ.

«Կոչ կ՝ուղղեմ անյապաղ հրադադար հաստատել Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ Լիբանանը։ Միասին աղօթենք լիբանանցիներուն համար՝ յատուկէն հարաւի բնակիչներուն համար, որոնք ստիպուեցան իրենց գիւղերը ձգել, որպէսզի շուտով կարողանան վերադառնալ՝ խաղաղութեան մէջ ապրելու»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2024, 14:23