2022.10.11 Santa Messa nel 60° anniversario del Concilio Ecumenico VaticanoII

Աղօթելը կը նշանակէ թոյլ տալ, որ Սուրբ Հոգին փոխէ մեր սիրտը. Ֆրանչիսկոս Պապ

Լոյս տեսաւ յառաջիկայ 9 հոկտեմբերին լոյս տեսնելիք «Ինչպէս Յիսուս սորվեցուց մեզի. Յոյսի ուխտաւորներու աղօթքը» խորագիրով գիրքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ստորագրութիւնը կրող նախաբանը, որ հրատարակուեցաւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի պատկան «Avvenire» օրաթերթին վրայ։ Գիրգին մէջ պարունակուած են աղօթքին նուիրուած Քահանայապետին անտիպ խորհրդածութիւններու շարք մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 9 հոկտեմբերին լոյս պիտի տեսնէ «Ինչպէս Յիսուս սորվեցուց մեզի. Յոյսի ուխտաւորներու աղօթքը» վերտառութեամբբ գիրքը, որուն նախաբանը կը կրէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ստորագրութիւնը, եւ որուն մէջ պարունակուած են աղօթքին նուիրուած Քահանայապետին անտիպ խորհրդածութիւններ։

Նախաբանին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը նշէ, թէ ինք աղօթել սորված է իր մեծ մօր կողմէ ու թէ ան է նաեւ` որ զինք մղած է Սուրբ Յովսէփի նկատմամբ ջերմեռանդութեան։

Նորին Սրբութիւնը կը նշէ նաեւ, թէ կարեւոր դեր ունեցած են իր խոստովանահայրերը ու յատուկէն` արժանթինցի Յիսուսեան Հայր Միկել Անկել Ֆիորիթոն, ապա կը հաստատէ, որ ինք «կ՛աղօթէ միշտ... անգամներ շատ աւելի խոր կերպով» ակնարկելով իր աղօթքներու փորձառութեան ու յատկապէս «Հայր մեր» աղօթքին, «Յիսուսին աղօթքը, որ տիեզերական աղօթք է, զաւակներու աղօթք»...

«Ապա կան այլ աղօթքներ» կը գրէ Սրբազան Պապը մատնանշելով Մարեմեան աղօթքներուն, սուրբ Վարդարանին, ինչպէս նաեւ իր աղօթքներու խնդրանքին, որովհետեւ «կարիք ունիմ իմ Եկեղեցւոյ ծառայութեան պարտականութեանս մէջ, որ հասարակութիւնը ինծի թիկունք կանգնի»։

«Եթէ Եկեղեցին քեզի թիկունք չկանգնի աղօթքով` դուն կորսուած ես։ Հասարակութիւնը պէտք է, որ թիկունք կանգնի իր եպիսկոպոսին ու եպիսկոպոսը պէտք է աղօթէ հասարակութեան համար» կը հաստատէ Քահանայապետը, որ նախաբանի վերջին հատուածին մէջ կը յիշեցնէ, որ «աղօթքը սիրտը կը բանայ Տիրոջ, ուր երբ Սուրբ Հոգին ներս կը մտնէ, ներքին կեանքդ կը փոխէ։ Ասոր համար պէտք է աղօթել, որպէսզի սիրտը բացուի եւ տարածք բանայ Սուրբ Հոգիին։ Մենք կ՛աղօթենք Յիսուսին, Հօր, Տիրամօր, բայց յաճախ աղօթքով չենք խօսիր Սուրբ Հոգիին հետ։ Սակայն Սուրբ Հոգին է, որ մեր սիրտը կը փոխէ, կը մտնէ մեր սրտին մէջ ու զայն կը փոխէ...Սուրբ Հոգին իր ներկայութեամբ է, որ ինծի լաւ հասկցնել կու տայ Եկեղեցւոյ իրականութիւնը եւ Աստուծոյ Խորհուրդը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2024, 11:34