Աղօթենք` որպէսզի պատերազմ ուզողները դարձի գան. Միջին Արեւելքի մէջ թող վերջ դրուի ոխի պարոյրին. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Միասին աղօթենք այն մարդոց համար, որոնք պատերազմներ կ՛ուզեն, զանոնք կը հրահրեն ու կը սնուցեն եւ անհարկ կերպով կ՛երկարացնեն, կամ անպատկառ կերպով անոնցմէ շահոյթ կը ստանան։ Թող Աստուած լուսաւորէ անոնց սիրտը, անոնց աչքերուն առջեւ դնէ իրենց պատճառած դժբախտութիւններուն շքերթը»։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը այսօր` 12 հոկտեմբեր 2024ին «ԻՔՍ» հարթակի Քահանայապետական @Pontifex կայքին վրայ հրատարակած թութին մէջ հրաւէր ուղղելով հաւատացեալներուն աղօթելու այն մարդոց համար, որոնց պատճառաւ պատերազմներ կը ծնին։
Քահանայապետին վերոնշեալ խօսքերը քաղուած են անոր անցեալ Յունիս ամսոյն մէջ Ֆրանսայի «Bayeux» քաղաքաի թեմի Եպիսկոպոս` Գերապ. Ժաք Հապերի ուղղած պատգամէն, թեմիս աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ նշուող 6 Յունիս 1944ին Նորմանտիայի վայրէջքը, որ սատարեց վերջ դնելու համաշխարհային Բ պատերազմին ու հաստատելու խաղաղութիւնը։
Ժողովուրդները խաղաղութիւն կ՛ուզեն
Նամակին մէջ Քահանայապետը հաստատած էր նաեւ` որ «ժողովուրդները խաղաղութիւն կ՛ուզեն։ Անոնք կայունութեան, անվտանգութեան և բարգաւաճման պայմաններ կը ցանկան, որտեղ իւրաքանչիւրը կարող ըլլայ խաղաղ կերպով կատարել իր պարտականութիւնն ու ճակատագիրը» աւելցնելով, որ այս ազնիւ կարգը կործանելը «ծանր յանցանք է մարդոց ու պատմութեան առջեւ ու մեղք է Աստուծոյ առջեւ»։
Նոյն նամակին մէջ ապա Ան աղօթքը խնդրած էր պատերազմներու բոլոր զոհերուն համար, անցեալի ու ներկայի պատերազմներուն, «աղքատները, տկարները, տարեցները, կիներն ու մանուկները», որոնք «միշտ ալ այդ ողբերգութիւններուն առաջին զոհերն են»։
Կոչ միջազգային ընտանիքին որպէսզի վերջ դրուի Միջին Արեւելքի մէջ գոյութիւն ունեցող ոխի պարոյրին
Վերոնշեալ գրառումին հետեւեցաւ այլ գրառում մը, որուն պարունակութիւնը քաղուած էր անցեալ 7 հոկտեմբերի Քահանայապետին Միջին Արեւելքի կաթողիկէներուն ուղղած նամակէն, որուն մէջ Սրբազան Պապը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հասարակութեան, որպէսզի վերջ դրուի Միջին Արեւելքի մէջ գոյութիւն ունեցող ոխի պարոյրին ու դադրին եւ չկրկնուին պատասխան յարձակումները, որոնք կարող են այդ տարածաշրջանը աւելի մեծ պատերազմի տանիլ։ «#Խաղաղութիւն» եղաւ Սրբազան Պապին խնդրանքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ