2024.11.03  Angelus

«Մերժենք պատերազմը - Թող լռեն զէնքերը - Շարունակենք աղօթել Վալենսիայի համար». Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Պապը յիշեց Իտալիոյ Սահմանադրութեան պատերազմը մերժող յօդուածը մաղթելով որ ան կիրառուի համայն աշխարհի մէջ։ Ապա յիշելով Վալենսիայի աղէտը հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու թէ ի՞նչ կ՜ընենք այդ քաղաքի բնակչութեան համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի` 3 Նոյեմբեր 2024ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով աղօթքին առիթով ս. Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն ողջունեց զանազան խումբերը, որոնց շարքին էր նաեւ « Emergency Roma Sud» խումբը «որ յանձնառու է յիշեցնելու Իտալական Սահմանադրութեան 11րդ յօդուածը» ըսաւ Սրբազան Պապը ու ընթերցումը կատարեց յօդուածին «Իտալիան կը մերժէ պատերազմը՝ որպէս վիրաւորանքի գործիք այլ ժողովուրդներու ազատութեան դէմ և որպէս միջազգային վէճերու լուծման միջոց»։

Թող լռեն զէնքերը ու տարած բացուի երկխօսութեան ու բանակցութիւններուն

«Յիշեցէք այս յօդուածը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մաղթելով` որ «այս սկզբունքը կարողանայ իրականանալ համայն աշխարհին մէջ. Թող պատերազմը վերացուի ու հարցերը դիմագրաւուին իրաւունքի ու բանակցութեան միջոցաւ։ Թող լռեն զէնքերը ու տարածք տրուի երկխօսութեան» յարեց Ան ու հրաւիրեց աղօթել Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Միանմարի ու Հարաւային Սուտանի համար»։

Շարունակենք աղօթել Սպանիոյ բնակիչներուն համար

«Շարունակենք նաեւ աղօթել Վալենսիայի ու Սպանիոյ միւս բնակիչիններուն համար, որոնք մեծապէս կը տառապին այս օրերուն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով հարց տալու թէ մենք ի՞նչ կ՛ընենք Վալենսիայի բնակչութեան համար։ Կ՛աղօթե՞նք, ի նպաստ բան մը կը կատարե՞նք։ Խորհեցէք այս հարցումի մասին...» հրաւիրեց Քահանայապետը ու խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2024, 12:34