Ֆրանչիսկոս Պապը Լաուրենթինօ գերեզմանին մէջ

Քահանայապետը նախ այցելեց «հրեշտակներու պարտէզը» գերեզմանի այն հատուածը ուր թաղուած են անծին մանուկները, այսինքն այն սաղմերը` որոնք վիժումի պատճառաւ երբեք լոյսը չտեսան ապա Յիսուսի Յարութեան նուիրուած մատռան տարածքին մատուցեց հոգեհանգստեան սուրբ պատարագը։
Ունկնդրէ Քահանայապետին հայող լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 2 նոյեմբեր 2024ի առաւօտեան, ըստ լատինաց օր մեռելոցին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը այցելութիւն տուաւ Հոմի Թրիկորիա շրջանի մէջ գտնուող Լաուրենթինօ գերեզմանին ուր հազիւ ժամանած այցելեց «հրեշտակներու պարտէզը» գերեզմանի այն հատուածը ուր թաղուած են անծին մանուկները, այսինքն այն սաղմերը` որոնք վիժումի պատճառաւ երբեք լոյսը չտեսան։ Ան կանգ առնելով այդ շիրիմներու առջեւ պահ մը ամփոփուեցաւ լռելեան աղօթքով հուսկ փունջ մը ծաղիկ զետեղելէ ետքը ուղղուեցաւ գերեզմանի Յիսուսի Յարութեան նուիրուած մատուռ որուն տարածքին մատուցեց սուրբ պատարագը մասնակցութեամբ բազմաթիւ հռովմէացի հաւատացեալներու, որոնց շարքին էր նաեւ Հռոմի քաղաքապետը` Ռոպերթօ Կուալթիերին։

Ըստ լատինաց օրուան Աւետարանական հատուածը քաղուած էր Յովհաննէսի Աւետարանէն` (Գլ. 6,37-40) որուն ընթերցումէն ետքը Սրբազան Քահանայապետը փոխան քարոզի մնաց լռութեան մէջ, թոյլ տալով խորհրդածել այդ խօսքերուն վրայ.

«Այն ամէնը, որ Հայրը ինծի կու տայ, ինծի պիտի գան եւ ան, որ ինծի կու գայ, բնաւ դուրս պիտի չհանեմ։ Վասն զի ես երկնքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս ընելու, հապա անոր կամքը՝ որ զիս ղրկեց։  Եւ զիս ղրկող Հօրը կամքը այս է, որ այն ամէնը որ ինք տուաւ, չկորսնցնեմ, հապա անոնց յարութիւն առնել տամ վերջին օրը։  Քանզի զիս ղրկողին կամքը այս է, որ այն ամէնը որ կը տեսնեն Որդին եւ կը հաւատան անոր, յաւիտենական կեանք ունենան, ե՛ս ալ անոնց յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը»։

Սուրբ Զոհի աւարտին նախքան վերջին օրհնութիւնը Սրբազան Պապը յատուկ աղօթք մը արտասանեց հրաւիրելով «մեր ննջեցեալ եղբայրներուն ու քոյրերուն հանգստեան վայրին մէջ, նորոգելու մեր հաւատքը ի Քրիստոս» նշելով նաեւ որ «վերջին օրը մահացու մարմինները եւս պիտի արթննան եւ պիտի միանան Անոր մահուան յաղթանակին մէջ»։

«Այս վստահութեամբ Հօր Աստուծոյ բարձրացնենք մեր հոգեհանգստեան ու օրհնութեան միաձայն աղօթքը» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած հայցեց` որ «Ան լսէ աղօթքը, որ իրեն կը բարձրացնենք բոլոր մեր սիրելիներուն համար, որոնք թողուցին այս աշխարհը։ Բաց քու ողորմութեան բազուկներդ ու զանոնք ընդունէ Վերին Երուսաղէմի հասարակութեան փառքին մէջ» յարեց Նորին Սրբութիւնը հայցելով նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի թիկունք կանգնի մեր հաւատքին ու ոչ մէկ արգելք մեզ շեղէ այն ճանապարհէն որ մեզ կը տանի դէպի Աստուած` որ անվերջ փառք է»։

«Ի քրիստոս` մեր Տէրը Ամէն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հուսկ սուրբ զոհը աւարտեց իր օրհնութիւնը տալով բոլոր ներկաներուն

 

 

 

 

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/11/2024, 10:40