2024.11.28 Religiosi e Religiose della Famiglia Calasanziana

Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ «Քալասանցիանա» ընտանիքի անդամներուն հետ

Գնահատելով Սուրբ Ճուզեփփէ Քալասանցիոյի դաստիրակաչական խարիզմի կարեւորութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ այս առիթով իր արտասանած խօսին մէջ ընգծեց միաբանութեան հայող երկու հիմնական կէտեր` նախախնամութեան նկատմամբ խիզախ հնազանդութիւն և հոգատարութիւն անհատի համապարփակ զարգացումին համար:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 28 նոյեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու առաքելական պալատէն ներս ընդունեց «Քալասանցիանա» Ընտանիքին անդմաները որոնք, այս տարի կը տօնախմբեն իրենց միաբանիութեան հիմանդութեան 75 ամեակը ինպչէս նեաւ Սուրբ Ֆաուսթօ Միկէզի եւ Երանելու Չելեսթնա Տոնաթիի մահուան հարիւր ամեակը։

Գնահատելով Սուրբ Ճուզեփփէ Քալասանցիոյի դաստիրակաչական խարիզմի կարեւորութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ այս առիթով իր արտասանած խօսին մէջ ընգծեց միաբանութեան հայող երկու հիմնական կէտեր` նախախնամութեան նկատմամբ խիզախ հնազանդութիւն և հոգատարութիւն անհատի համապարփակ զարգացումին համար:

Նախախնամութեան նկատմամբ խիզախ հնազանդութիւն

Առաջինը` նախախնամութեան նկատմամբ խիզախ հնազանդութիւն։ Այս առնչութեամբ Սրբազան Պապը ակնարկեց հիմնադիրի վարկին ու անոր քաջութեան իր կեանքը փոխելու ու նուիրուելու երիտասարդներուն, յատկապէս ամեա-աղքատներու կրթութեան եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց ներկաները իրենց ընտրանքներուն մէջ պահպանելու աղքատութեան նոր ձևերու նկատմամբ նոյն բացութիւնը, յաղթահարելով տատամսումներն ու վախերը ու նոր ճանապարհներ կտրելու, վստահելով նախախնամութեան ու հաւատարիմ մնալով իրենց խարիզմին, զայն պահելով կենդանի։

Հոգատարութիւն անհատի համապարփակ զարգացումին համար

Խօսելով ապա անհատի համապարփակ զարգացումի մասին Սրբազան Պապը ակնարկեց միաբանութեան կրթական համակարգէն ներս առաքելական ոճին որ է` աղքատ երիտասարդներուն հաւատքի ճշմարտութեան հետ միասին ուսուցանել հանրակրթական նիւթեր, ընդելուզելով հոգևոր և մտաւորական ձևաւորումը՝ հասուն և ընդունակ մեծահասակներ պատրաստելու համար ու ասկէ մեկնելով նշեց` թէ իրեն հաճելի է խօսիլ «երեք բանականութիւններու» մասին` «խելքի, սրտի ու ձեռքերու բանականութիւնը» ըսաւ Ան հրաւիրելով պատանիները պատրաստել միութեան, միանալու համագործակցութեան ու ծառայութեան հոգիով, հետեւելով Յիսուսի օրինակին։

Քալել Միասին

«Համապարփակ կրթական ոճը շատ կարևոր «խարիզմատիկ տաղանդ» է, որ Աստուած ձեզի վստահած է, որպէսզի կարողանաք զայն օգտագործել ձեր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ ի սպաս բոլորի բարօրութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը ու խօսքը աւարտեց հրաւիրելով «քալելու միասին» բարձր գնահատելով «Քալանսանցիանա» ընտանիքի կարողութիւնը՝ «ընտանիք ստեղծելու» և համագործակցութեան և ծառայութեան հոգիով համախմբուելու՝ հետևելով Յիսուսի օրինակին։ «Ասիկա Յիսուսին ոճն է, ոճն է Եկեղեցւոյ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց կրթական ասպարէզէն ներս ունեցած ներդրումին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2024, 10:33