2024.11.07 Ufficiali e Militari del Comando Trasporti e Materiali

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Իտալական բանակի փոխադրամիջոցներու եւ նիւթաարհեստագիտական հրամանատարութեան»

Սրբազան Քահանայապետն այսօր ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ զինուորական մարմնի անդամներուն՝ Սուրբ Քրիստափորը իրենց Հովանաւոր Սուրբ հռչակելու 70ամեակի կապակցութեամբ
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2024ին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց «Իտալական բանակի փոխադրամիջոցներու եւ նիւթաարհեստագիտական հրամանատարութեան» անդամները՝ Սուրբ Քրիստափորը իրենց Հովանաւոր Սուրբ հռչակելու 70ամեակի կապակցութեամբ, որ տեղի ունեցած է 4 Նոյեմբեր 1954 թուականին Պիոս ԺԲ Պապի կողմէ։

Աստուածային պաշտպանութեան կարեւորութիւնը բոլոր մասնագիտութիւններէն ներս

Անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը ուրախութիւն արտայայտեց, որ զինուորական ուժ մը իրեն համար, խնդրած եւ ստացած է Սուրբ Նահատակ Քրիստափորի հովանաւորութիւնը, ինչը առաջին հերթին կը վկայէ առ Քրիստոս հաւատքի մասին եւ կը նշանակէ խորապէս գիտակցիլ արժէքներու եւ աստուածային պաշտպանութեան կարեւորութեան բոլոր մասնագիտութիւններէն ներս, յատկապէս անոնցմէ, որոնք կը ներառնեն կեանքը եւ կը պաշտպանեն ուրիշները:

«Ես նոյնպէս ջերմեռանդութիւն ունիմ Սուրբ Քրիստափորի նկատմամբ, միշտ կը կրեմ Սուրբ Քրիստափորի շքանշանը, որ օգնէ ինծի յառաջ երթալու», աւելցուց յանպատրաստից կերպով Նորին Սրբութիւնը։

Թոյլերուն պաշտպանութիւն

Շարունակելով խօսքը Ան նշեց, որ Հովանաւոր Սուրբ ունենալը կը պահանջէ ի մասնաւորի պարտաւորութիւն՝ արժանապատուաբար եւ յարգանքով ծառայելու Երկրին, իւրաքանչիւր մարդու, յատկապէս ամէնէ խոցելի խաւին, անոնց, որոնք վտանգի տակ յայտնուած են պատերազմներու, բնական աղէտներու կամ համաճարակներու պատճառաւ, այդ ծառայութեան մէջ պահպանելով բարոյագիտութեան կանոններու բարձր վարուելակերպ։ Սուրբ Քրիստափորի հանդէպ բարեպաշտութիւնը կ’ենթադրէ նաեւ առաքելութիւններուն դիմակայելու համար աստուածային շնորհք՝ գիտակցելով սեփական սահմանափակումները եւ երկնային աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Քրիստոսի ոճով գործելակերպ

Ֆրանչիսկոս Պապը գովաբանեց Իտալիոյ զինուորական մարմնի կողմէ դրսեւորած զգայունութիւնը, որ կը գիտակցի իրենց առջեւ դրուած առաջադրանքներու արժէքն ու նրբութիւնը եւ, որ յաճախ միջամտած էարտակարգ իրավիճակներէն ներս, ինչպիսիք են երկրաշարժներն ու համաճարակները եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ի նպաստ խաղաղ գործողութիւններ իրականացուցած է նոյնիսկ արտերկրի մէջ, որոնք յաճախ փոխակերպուած են արտառոց գործողութիւններու:

«Քրիստափոր» անունը կը նշանակէ «ան, որ Քրիստոսը կը կրէ», նկատել տուաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը եւ աւելցուց, որ ամէն օր օգնելով ազգաբնակչութեանը ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ «որոշակի իմաստով կը գործէք Քրիստոսի ոճով, որ եկած է ծառայելու եւ ոչ՝ ծառայութիւն ընդունելու»։

Աւարտին Սրբազան Պապը ներկաներուն վրայ հայցեց Տիրամօր օրհնութիւնը, օրհնեց զանոնք եւ ինչպէս միշտ խնդրեց աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2024, 11:59