2024.11.15 Membri della Confederazione Nazionale dell'Artigianato e della Piccola e Media Impresa

Արհեստաւորները Աստուծոյ համագործակիցներ՝ Արարչագործութեան նախագիծէն ներս․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Արհեստաւորութեան եւ Մանր ու Միջին Ձեռնարկութիւններու Իտալիոյ Ազգային Համադաշնութեան շուրջ 300 անդամները․ «Կ’ապրինք պատերազմի ու բռնութեան ժամանակներու մէջ ... Ամենուր լուրերն այնպիսին են, կարծես թէ կը կորսնցնենք հաւատքը մարդկային կարողութիւններու նկատմամբ, ձեր գործունեութիւնը մեզ կը մխիթարէ եւ յոյս կու տայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

15 Նոյեմբեր 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Արհեստաւորութեան եւ Մանր ու Միջին Ձեռնարկութիւններու Իտալիոյ Ազգային Համադաշնութեան անդամները՝ Ընկերութեան տարեկան համաժողովին առթիւ։

Անոնց ուղղած պատգամին սկիզբը Պապը ընդգծեց արհեստաւորութեան կարեւորութիւնը՝ որպէս մարդկային աշխատանքի արժէքի արտայայտում եւ նշեց, որ արհեստաւորական գործունէութիւնը՝ համատեղելով ստեղծագործութիւնն ու աշխատասիրութիւնը, արհեստաւորները կը դարձնէ Աստուծոյ համագործակիցները Արարչագործութեան նախագիծէն ներս:

Զարգացնելը վստահութեան փոխյարաբերութիւններ Աստուծոյ եւ ուրիշներու նկատմամբ

Ան ապա կանգ առաւ երեք քանքարներուն հայող աւետարանական առակին վրայ (հմմտ․Մատթէոս 25.14-30), ուր տէր մը իր երեք ծառաներուն կը յանձնէ քանքարներ՝ իւրաքանչիւրին տարբեր քանակի, հրահանգելով որ զանոնք կրկնապատկեն։ Մինչ առաջին երկուքը կ՛իրականացնեն իրենց առաքելութիւնը, երրորդը գետնի տակ կը թաքցնէ ստացած միակ քանքարը ՝ վախէն ու ծուլութենէն մղուած։

Ասկէ մեկնելով, Քահանայապետը շեշտեց որ, կեանքին մէջ աճելու համար «պէտք ենք հրաժարիլ վախէն եւ հաւատք ունենաք», «վախ որ կաթուածահար կ’ընէ եւ կ’ոչնչացնէ ստեղծագործութիւնը»։ Այդ մէկը կարող ենք ընել «ամենօրեայ աշխատանքով, զգալով, որ մասնակից ենք Աստուծոյ ծրագրին», գիտակցելով, որ «մեր հարստութիւններու ետեւը ոչ միայն հմտութիւն կայ, այլ նաեւ՝ Նախախնամութիւն, որ կը բռնէ մեր ձեռքէն եւ կ’առաջնորդէ մեզի», պնդեց Ֆրանչիսկոս Պապը՝ կարեւորելով վստահութեան փոխյարաբերութիւններ զարգացնելը Աստուծոյ եւ ուրիշներու նկատմամբ, եւ նաեւ պարտաւորութիւն ստանձնելը, որ երրորդ ծառան չ՛ըրաւ։

Աշխարհը գեղեցկացնելը կը նշանակէ խաղաղութիւն կառուցել

Ան, ապա մեծարեց արհեստաւորներու աշխատանքը, որ կը գեղեցկացնէ աշխարհը։ «Կ’ապրինք պատերազմի ու բռնութեան ժամանակներու մէջ ... Ամենուր լուրերն այնպիսին են, կարծես թէ կը կորսնցնենք հաւատքը մարդկային կարողութիւններուն նկատմամբ, ձեր գործունէութիւնը մեզ կը մխիթարէ եւ յոյս կու տայ։ Տնտեսագէտ մը ինծի ըսաւ, որ այսօր Իտալիոյ մէջ ամենէ եկամտաբեր ներդրումները զէնքի գործարաններն են... »։ Տգեղ է, երբ ​​ աւելի շատ վաստակելու նպատակով, պէտք է ներդրումներ կատարել սպանելու համար: «Եկէք մտածենք այս մասին եւ չմոռնանք, որ աշխարհը գեղեցկացնելը կը նշանակէ խաղաղութիւն կառուցել», շեշտեց Սրբազան Հայրը իր յանպատրաստից խօսքին մէջ եւ յղում կատարեց «Fratelli tutti» շրջաբերականին, ուր խաղաղութիւն կերտողները սահմանուած են` որպէս աշխարհը հնարամտութեամբ եւ խիզախութեամբ վերականգնող արհեստաւորներ (հմմտ․ թիւ 225):

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եզրափակեց պատգամը երախտագիտութիւն յայտնելով արհեստաւորներուն «աշխատանքի եւ ընկերային նուիրուածութեան համար»՝ մաղթելով, որ իրենց մասնագիտութեան մէջ միշտ ոգեշնչուին Սուրբ Յովսէփ արհեստաւորի կերպարով։ Ի վերջոյ, օրհնելով բոլոր ներկաները եւ անոնց ընտանիքները, Նորին Սրբութիւնը խնդրեց չմոռնալ աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2024, 11:32