2024.11.30 Delegazione ecumenica Koch

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Բարթողոմէոսին՝ Սուրբ Անդրէասի Տօնին առթիւ

Հռոմի Կաթողիկէ եւ Կ. Պոլսոյ Ուղղափառ Եկեղեցիներու Սուրբ Հովանաւորներու տօներուն աւանդական դարձած պատուիրակութիւններու փոխանակումներու ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապի՝ Բարթողոմէոս Ա ին յղած պատգամը քրիստոնէական Եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան, համագործակցութեան, եւ միասնութեան կոչ է, որ անհրաժեշտ է «ընդդիմութիւններով եւ բեւեռացումներով ջլատուած աշխարհի մէջ»:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Հռոմի Կաթողիկէ եւ Կ. Պոլսոյ Ուղղափառ Եկեղեցիներու Պաշտպան Սուրբերու տօներուն աւանդական դարձած պատուիրակութիւններու փոխանակումներու ծիրէն ներս` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 30 Նոյեմբեր 2024ին նամակ յղած է Բարթողոմէոս Ա Տիեզերական Պատրիարքին՝ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Եկեղեցւոյ հիմնադիր Սուրբ Անդրէասի տօնին առթիւ։ Նամակը Տիեզերական Պատրիարքին յանձնեց Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քիւրտ Քոխը։ Վերջինս 28 Նոյեմբերէն 1 Դեկտեմբեր կը գլխաւորէ Իսթանպուլ մեկնած Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն նոյն Վերատեսչութեան Քարտուղար Գերապայծառ Ֆլավիօ Փաչէն եւ Ենթաքարտուղար Գերապայծառ Անտրէա Փալմիերին։ Թուրքիոյ մէջ անոնց միացած է նաեւ Առաքելական Նուիրակ Գերապայծառ Մարէք Սոլչինսքին։

Վատիկանի Պատուիրակութիւնը  Ֆանարի Սուրբ Գէորգ Պատրիարքական Եկեղեցւոյ  մէջ այսօր իր մասնակցութիւնը բերաւ  Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողոմէոս Ա ի նախագահութեամբ մատուցուած  Սուրբ Պատարագի արարողութեան։ Աւարտին ընթերցումը կատարուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամին, որում էջ Ան նախ իր բարեմաղթանքները կը յղէ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ անդամներուն՝ ընդգծելով Հովանաւոր Պաշտպան Սուրբ Անդրէասի կարեւորութիւնը եւ դերը Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ։

«Unitatis Redintegratio» հրամանագիրը

Նորին Սրբութիւնը կ’անդրադառնայ ապա «Unitatis Redintegratio» հրամանագիրին, որու 60ամեակը, կը գրէ Ան, 21 Նոյեմբերին նշուեցաւ՝ ընդգծելով, որ այդ որոշումով պաշտօնապէս ազդարարուեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մուտքը  եկեղեցական շարժումին մէջ՝ նոր ուղիներ բանալով տարբեր քրիստոնէական աւանդութիւններու միջեւ հաղորդակցութեան համար:

Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հետ երկխօսութիւնը՝ բեղմնաւոր

Ֆրանչիսկոս իր գիրին մէջ յատկապէս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հետ եղբայրութիւնը եւ  երկխօսութիւնը բեղմնաւոր կը բնութագրէ։ Սակայն նկատել կու տայ, որ կաթողիկէներու եւ ուղղափառներու միջեւ լիարժէք հաղորդակցութիւնը դեռեւս հեռու է: Այդուամենայնիւ, յոյս կը յայտնուի, որ աղօթքներու եւ համագործակցութեան միջոցաւ կարելի է հասնիլ այդ միասնութեան:

Սիւնհոդոսականութեան ազդեցութիւնը միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն վրայ

Ասկէ մեկնելով, Սրբազան Պապը կը շեշտէ, որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ՝ ի նպաստ երկխօսութեան յանձնառութիւնը իր հաստատումը գտած է 2024 թուականի Հոկտեմբեր 2էն 27ը Վատիկանի մէջ կայացած Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Եպիսկոպոսներու Սինոդի ընթացքին, որուն իր մասնակցութիւնը բերած էր նաեւ Կ․Պոլսոյ Եկեղեցւոյ պատուիրակը։ Ֆրանչիսկոս կը կրկնէ, քրիստոնէական հաւատքներու միջեւ «փոխադարձաբար լսելու անհրաժեշտութիւնը»՝ «լսել առանց դատապարտելու» այս է ըստ Պապին ճանապարհը դէպի  կաթողիկէներու եւ ուղղափառներու միասնութիւն:

Քրիստոնեաներու միութիւնը՝ խաղաղութեան ուղերձ

Պատգամի մէջ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով ի վերջոյ Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական Ժողովի 1700ամեակին, որ պիտի նշուի յաջորդ տարի, տօնը միասնաբար նշելու կամք կ’արտայայտէ՝ համոզուած, որ այդ կարեւոր իրադարձութեան ոգեկոչումը կ’ամրապնդէ գոյութիւն ունեցող կապերը եւ կը խրախուսէ բոլոր Եկեղեցիներուն նորոգուած վկայութիւն տալու՝ որպէս «ուղերձ  պատերազմներէն եւ բռնութիւններէն տուժած մեր աշխարհի համար»՝ յատուկէն աւելցնելով, որ պատրաստակամօրէն կը միանայ  վասն խաղաղութեան անոնց աղօթքին՝ Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Լիբանանի եւ «մաս մաս» համաշխարհային պատերազմներէն տուժած բոլոր տարածաշրջաններու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2024, 12:25