Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սէրը միշտ կը փոխակերպէ»
Վազգէն Աբարդեան -Վատիկան
Երկուշաբթի, 11 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Catholic Philanthropy Network (FADICA) հիմնադրամի անդամները, որոց Հռոմ քաղաք եկած են ուխտագնացութիւն եւ իրենց համագումարը կատարելու
համար։
Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ Առաքեալներուն եւ նահատակներուն շիրիմներու մօտ խորհրդածութիւններու եւ աղօթքի այս օրերը, հիմնադրամի անդամներու մէջ աճեցնէ սէրը եկեղեցւոյ հանդէպ, նուիրումին, աւետարանի տարածման, Քրիստոսի թագաւորութեա, սրբութեան, արդարութեան տարածման»։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր խօսքին մէջ ապա ընդգծեց եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ համանքի եւ համապատասխանատուութեան կարեւորութիւնը ու հրաւիրեց ունենալու սինոդական կեցուածք, այսինքն՝ունկնդրել, երկխօսութիւն կատարել եւ համագործակցիլ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով սինոդականութեան նիւթին վրայ նախ ընդգծեց եկեղեցւոյ սինոդակալ բնոյթը, որ «կը հիմնուի բոլոր մկրտուածներու ընդհանուր արժանապատուութեան վրայ» ապա կարեւորեց «կառուցողական երկխօսութեան եւ տքնաջան համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը»։
Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց զարգացնել երախտագիտութեան զգացումը եւ ապրիլ Քրիստոսին փոխակերպող սէրը ընդգծելով, որ «Սէրը միշտ կը փոխակերպէ» ու Հրաւիրեց շարունակելու Քրիստոսի սէրը հաղորդելու ուրիշներուն, յիշելով իւրաքանչիւր Քրիստոնեային առաքելութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդելով որ աղօթեն իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ