2024.11.11 Delegazione di Tecnici e Partners della Fabbrica di San Pietro

Արհեստագիտական նոր գործիքներու միջոցաւ պատմել Եկեղեցւոյ հաւատքը․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց «Սուրբ Պետրոս Գործարանի» աշխատակիցներուն ու համագործակիցներուն․ Բոլոր ժողովուրդներու համար աղօթավայրին հայող իւրաքանչիւր նոր նախագիծ պէտք է շարունակութիւնը ըլլայ հոգեւոր ժառանգութեան
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 11 Նոյեմբերին, Քոնչիսթորօ դահլիճէն ներս ընդունեց «Սուրբ Պետրոսի Գործարանի» շուրջ 40 աշխատողները ու համագործակիցները։

Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ ի նպաստ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի սկսած նոր ծրագիրներու եւ համագործակցութիւններու առնչութեամբ․ «Օրերս հոն էի տեսնելու թէ ինչ հրաշալի է ան որ կ’ընէք», շեղելով իր գրաւոր խօսքէն յարեց Ֆրանչիսկոս։

«Բոլոր ժողովուրդներու համար այս աղօթքի տունը մեզի վստահուած (…) նուէր եւ առաջադրանք է հոգալու անոր թէ հոգևոր եւ է նիւթական առումով, նոյնիսկ ամենէ վերջին արհեստագիտութիւններու միջոցաւ», ըսաւ Սրբազան Պապը:

«Պազիլիքին սկզբնական կորիզը Պետրոսի գերեզմանն է, որուն Յիսուս վստահեցաւ երկինքի արքայութեան բանալիները (հմմտ․ Մատթէոս 16։18)» եւ նախատեսուած աշխատանքները պէտք են հետապնդել այդ նոյն նպատակը, որու համար Սրբազան Քահանայապետը առաջարկեց առաջնորդուիլ երեք չափորոշիչներով ` աղօթքի ունկնդրութիւնը, հաւատքի հայեացքը, ուխտաւորի  շփումը:

Աղօթքի ունկնդրութիւնը

Աղօթքի ունկնդրութիւն, կը նշանակէ՝ արհեստագիտական գործիքներու միջոցաւ փոխազդող մասնակցութիւնը խթանելուն զուգահեռ, իրազեկել յատկապէս սուրբ վայրի մէջ գտնուելու եւ անոր մտածական տարածք հանդիսանալու մասին, բացատրեց Ֆրանչիսկոս։

Հաւատքի հայեացքը

Երկրորդ, հաւատքի՝ այսինքն միսիոնարական, ոչ զբօսաշրջային ոճով, հայեացքն է։ Նորագոյն գործիքներու օգտագործմամբ փոխանակ փնտռելու գրաւչութիւնը շեշտելու միջոցներ, այլեւ միջոցներ ներդնելու՝ պատմելու համար Եկեղեցւոյ հաւատքը եւ անոր ձեւաւորած մշակոյթը:

Ուխտաւորի շփումը

Ի վերջոյ, ուխտաւորի շփումը։ Դարերու ընթացքին քանդակագործութեան, նկարչական եւ ճարտարապետական ​​արուեստը, ժամանակի լաւագոյն արհեստագիտական գործիքներու միջոցաւ ի սպաս դրուած է Աստուծոյ ժողովուրդին: Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս յորդորեց հետեւիլ նախորդներու օրինակին այնպէս, որ իւրաքանչիւր նոր նախագիծ շարունակութիւնը դառնայ նոյն հովուական մտադրութեան:

Խոստովանահայրերը՝ թաքնուած արուեստի գործ

«Եւ կայ մէկ այլ՝ թաքնուած արուեստի գործ, որ կ’իրագործուի Պազիլիքայէն ներս՝ խոստովանահայրերը», աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամին աւարտին, անգամ մը եւս շեղելով նախօրօք պատրաստուած իր խօսքէն եւ խնդրեց, որ «խոստովանահայրերը միշտ տրամադրութեան տակ ըլլան», ունկնդրեն, անգամ ոչ քրիստոնեաները, երբ օրհնութիւն կը խնդրեն։ Գեղարուեստականի ու գեղեցիկի կողքին «կայ նաեւ անձնական հաղորդակցութեան արուեստը... Եւ կը խնդրեմ, խոստովանահայրերուն ըսէք, որ «ներեն ամէն, ամէն ինչ։ Տէրը այդ կ’ուզէ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2024, 11:11