2024.11.25 Comunità Accademica del Pontificio Istituto Teologico Giovanni Paolo II per le Scienze del Matrimonio e della Famiglia

Ընտանիքները` նշան Աւետարանի վրայ հիմնուած պտղաբերութեան ու եղբայրութեան

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Յովհաննէս Պօղոս Բ Աստուածաբանական ինստիտուտի ակադեմիական հասարակութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 25 նոյեմբերի առաւօտեան ի շարս այլ հանդիպումներու Նորին Սրբութիւնը առաքելական պալատէն ներս ընդունեց Յովհաննէս Պօղոս Բ Աստուածաբանական ինստիտուտի ակադեմիական հասարակութեան անդամները ու Պենետիկտոս ԺԶ Հիմնարկի անդամները եւ երկու վերոնշեալ կառոյցներու բարերարները։

Ընտանիքները առանձնաշնորհեալ վայր

Անոնց ուղղած իր ճառին սկիզբը Քահանայապետը մատնանշեց վերջերս Վատիկանի մէջ գումարուած եպիսկոպոսական ԺԶ սիւնհոդոսին ու անոր եզրափակիչ փաստաթուղթի մէջ ընտանիքին հայող այն հաստատումին թէ «ընտանիքները առանձնաշնորհեալ վայր մըն են` սորվելու եւ փորձարկելու համար, սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ մը հիմնական գործելակերպը», այս ուղղութեամբ հիմնական նկատելով` որ« ընտանիքները գիտակից դառնան, թէ իրենք ընտանիքի հովուական ծառայութեան հասցէատէրերը չեն միայն այլ նաեւ գործունեայ դերակատարները», նաեւ Եկեղեցւոյ կերտումին համար։

Սրբազան Պապը նշեց ապա թէ կան երկիրներ` որոնց հանրային իշխանութիւնները չեն յարգեր ընտանիքներուն արժանապատւութիւնը եւ իւրաքանչիւր մարդ արարածի ազատութիւնը, անոնց շարքին յատուկէն յիշելով կիները` որոնք կը նկատուին ստորադաս։

Բաց ու հիւրընկալ օճախներ

Այս ուղղութեամբ Ան խօսեցաւ Ամուսնութեան Խորհուրդի մասին զայն նմանեցնելով գինիին` որ հրամցուեցաւ Կանայի հարսանիքի ընթացքին, ու յիշեց` առաջին քրիստոնեայ հասարակութիւններուն ապրելաոճը` որպէս «բաց ու հիւրընկալ օճախներ», «ուր կը նորոգուէր նոր եղբայրութիւն մը, հիմնուած Մկրտութեան վրայ, որ կ՛ողջագուրէ իւրաքանչիւր օտարական մինչեւ իսկ թշնամին» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով, թէ ինչպէս եկեղեցւոյ մէջ չկայ «սեռերու» տարբերութիւն, ու թէ Յիսուսին միջոցաւ բոլորս կարող ենք փրկուիլ մեղքէն ու առանձնութենէն։

Ընտանիքներուն դիմակայած մարտահրաւէրները ու Եկեղեցի մշակոյթ երկխօսութիւնը

«Այսօր եւս Եկեղեցին կը շարունակէ բաց պահել իր դռները անոնց դիմաց` որոնք դժուարութիւն ունին հաւատքի ուղեւորութեան մէջ, անոնց նուիրելով հովուական ողորմած աջակցութիւն... Եկեղեցին չի բացառեր եւ ոչ մէկը, այլ կը խթանէ ընտանիքը, որպէս հիմքը սիրոյ եւ ողորմութեան» յարեց Քահանայապետը հաստատելով` որ «ընտանիքին ուժը կը կայանայ յատկապէս անոր սիրելու կարողութեան ու սէրը սորվեցնելու կարողութեան մէջ, եւ որքանով որ ընտանիք մը վիրաւոր ըլլայ ան միշտ կարող է աճիլ մեկնելով սէրէն» հաստատեց Ան անդրադառնալով ընտանիքներուն այսօր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, որոնք, ըսաւ Ան, կը պահանջեն «Եկեղեցւոյ ու մշակոյթի միջեւ երկխօսութիւն» ինչպէս նկատած էին նաեւ Պօղոս Զ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետերը։

Քալել միասին սինոդալ հոգիով

Յովհաննէս Պօղոս Բ ինստիտուտը ունի յատուկ դեր մը խթանելու ամուսնութեան ու ընտանիքներուն հայող քննադատական ուսումնասիրութիւններ ընկերութեան մէջ, յառաջացնելով նաեւ միջ-մշակութային երկխօսութիւններ, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը որ ապա յոյս յայտնեց, որ ինստիտուտը աջակցի ամուսիններուն և ընտանիքներուն՝ «օգնելով անոնց դառնալ Եկեղեցւոյ կենդանի անկիւնաքար, ու անհաւատարմութեան, ծառայութեան, ու կեանքի հանդէպ բացուածքի, ինչպէս նաեւ հիւրընկալութեան վկաները»։

«Քալենք միասին Քրիստոսի ետևէն՝ սինոդալ ոգիով դիմակայելով մարտահրաւէրները, որոնց դիմաց ընտանիքները նշան են պտղաբերութեան ու եղբայրութեան որոնք հիմնուած են Աւետարանին վրայ» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը մաղթելով արդիւնաւէտ ուսումնական տարի և աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2024, 11:34