2024.11.01 Angelus

Պատերազմը անպարկեշտ է, սուտի, կեղծիքի յաղթանակն է. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը յիշեց Չատի մէջ ահաբեկչութեան ու Վալենսիայի բնական աղէտին զոհերը, ողջունեց «Սուրբերու Վազքին» մասնակցողները, նորոգեց խաղաղութեան ի սպաս իր կոչը ու աղօթքի հրաւէրը ու հրաւիրեց աղօթել բոլոր ննջեցեալներուն համար
Ունկնդրէ Քահանայապետին հայող լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ մէկ նոյեմբեր 2024ի կէսօրին Ամենայն սրբոց տօնին առիթով իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով ս. Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներն ուզեց նախ իր մօտիկութիւնը արտայայտել Չատի ժողովուրդին, «մասնաւորապէս մի քանի օր առաջ տեղի ունեցած ահաբեկչական ծանր արարքի զոհերուն ընտանիքիններուն ինչպէս նաեւ անոնց որոնք թիրախ եղած ջրհեղեղի» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու յիշեց Սպանիայի Վալենսիա քաղաքի մէջ տեղի ունեցած բնական աղէտը ու «ՏԱՆԱ» փոթորիկը, հրաւիրելով աղօթել բոլոր զոհերուն ու անոնց սիրելիներուն համար ու նաեւ աղէտէն տուժած բոլոր ընտանիքներուն համար։

Վալենսիայի աղէտը

«Թող Տէրը աջակցի անոնց` որոնք կը տառապին ու անոնց` որոնք օգնութիւն կը մատուցեն: Մեր մօտիկութիւնը Վալենսիայի ժողովրդին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ողջունելով հրապարակի վրայ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերը, որոնց շարքին նաեւ «Սուրբերու Վազքին» մասնակցողները։

Սուրբերուն Վազքը

«Սիրելի բարեկամները այս տարի եւս դուք մեզի կը յիշեցնէք որ քրիստոնէական կեանքը վազք մըն է, սակայն ոչ թէ աշխարհքի վազքին նման, ոչ։ Անիկայ վազքն է սրտի մը որ կը սիրէ։ Եւ Շնորհակալ եմ ձեր աջակցութեան Ուքրանիոյ մէջ մարզական կեդրոնի կառուցման համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը որ ասկէ մեկնելով անգամ մը եւս հրաւէր ուղղեց աղօթելու մարտիրոս Ուքրանիոյ համար, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Լիբանանի, Միանմարի ու հարաւային Սուտանի համար ու բոլոր այն ժողովուրդներուն համար որոնք կը տառապին պատերազմի հետեւանքէն։

Պատերազմը անպարկեշտ է

«Եղբայրներ եւ քոյրեր, պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է, միշտ։ Անիկայ անպարկեշտ է, որովհետև սուտի, կեղծիքի յաղթանակն է, ուր կը փնտռուի սեփական առաւելագոյն շահը եւ հակառակորդի առաւելագոյն վնասը, ոտնահարելով մարդկային կեանքեր, շրջակայ միջավայրը, ենթակառուցուածքները, ամէն ինչ. Եւ ամէն այս բաները ծածկուած սուտով։ Որուն բերումով կը տառապին անմեղները» յարեց Սրբազան Պապը յիշելով անցեալ օրերուն Կազայի մէջ ջարդի ենթարկուած 153 կիներն ու մանուկները։

Ննջեցեալներուն օրը

Նորին Սրբութիւնը յիշեց թէ վաղը կը յիշատակուի մեռելոց օրը դիտել տալով թէ նման շատերուն ինք եւս վաղը պիտի այցելէ Հռոմի Լաուրենթինօ գերեզմանը այնտեղ մատուցելու համար հոգեհանգստեան սուրբ պատարագը, այս ուղղութեամբ յիշեցնելով որ «Սուրբ Պատարագը ամենարդիւնաւէտ աղօթքն է ննջեցեալներու հոգւոյն հանգստեան համար»։

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց բոլոր ներկաներուն մաղթելով բարի ամենայն սրբոց տօն եւ սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրեց իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2024, 12:12