2024.11.20 Udienza Generale

Սրբազան Պապը ստեղծեց մանուկներու համաշխարհային օրուայ Քահանայապետական կոմիտէն

Ինքնագիր նամակով ստեղծուած Վատիկանեան այն նոր մարմնին, Քահանայապետը վերագրեց հոգալ եկեղեցական ոգեւորումը և փոքրիկներու նուիրուած ամէնամեայ ձեռնարկին հովուական կազմակերպման հարցերը. Նախագահ նշանակուեցաւ հայր Էնցօ Ֆորթունաթոն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կար ժամանակ, ու անցեալի մէջ, երեխաները, «տակաւին տղամարդ չըլլալով», անհանգստութիւն կուն տային մեծերուն։ Այս մէկը տեղի ունեցաւ նաև Քրիստոսի ժամանակ, ռաբբիներու հետ, որոնք վատ կը հանդուրժէին անոնց անհանգստացնող ներկայութիւնը` Աստուծոյ գործերու իրենց մասնագիտական առաքելութեան մէջ։ Երբ Յիսուս կը ժամանէ, ցոյց կու տայ իր մեծ համակրանքը անոնց նկատմամբ եւ ոչ միայն անհանգստացած չէր անոնցմով այլ զանոնք կը ներկայացնէ որպէս տիպարներ աշակերտութեան. քանի որ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը պատկանի անոնց որոնք անոնց նման են»։

Հայր Էնցօ Ֆորթունաթոն` նախագահ

Վերոնշեալ այս նախաբանով կը սկսի Ֆրանչիսկոս Պապին ինքնագիր նամակը որ լոյս տեսաւ 20 նոյեմբերն որով Ան ստեղծեց Մանուկներու համաշխարհային Օրուայ Քահանայապետական կոմիտէն, նոր մարմին մը որ անմիջականօրէն կը պատասխանէ Քահանայապետին որուն պարտականութիւնն է «հոգալ եկեղեցական ոգեւորումը և փոքրիկներու նուիրուած ամէնամեայ ձեռնարկին հովուական կազմակերպումը», ինչպէս գրուած է սահմանադրութեան մէջ։ Այս նոր մարմնի, որպէս նախագահ նշանակուեցաւ հայր Էնցօ Ֆորթունաթոն` որ մինչեւ օրս Մանուկներու Համաշխարհային Օրուան համադրողն է։

Եկեղեցին մանուկներու ձայն ու իրաւունքներու պաշտպան

«Այսօր մարդ արարածը մանկութենէն ի վեր, անօտարելի, անձեռնմխելի և համընդհանուր իրաւունքներու ենթակայ մըն է է»։ Երեխաների իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, «ծնողներու, քաղաքացիական համայնքի և Եկեղեցու լուրջ պատասխանատուութիւնն է», որ իր հերթին այս կը դիտարկէ որպէս «սիրոյ պարտականութիւն և անոր առաջին ձևը»՝ իր «հեղինակութեամբ ձայն դառնալով «չերաշխաւորածներու իրաւունքներուն», ինչպիսիք են այսօր շատ մը մանուկներ, յատկապէս «բռնութեան տարածման և մանկութեան կեանքն ու արժանապատուութիւնը ոտնահարող վտանգներու պայմաններուն մէջ»։

Սիրով շրջապատուած ըլլալու իրաւունքը

Յիշելով Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին, որ Redemptor hominis-ի մէջ կը գրէ թէ «մարդը չի կրնար ապրիլ առանց սիրոյ» Ֆրանչիսկոս Պապը կը վերահաստատէ, որ «մանուկները ունին կարիք և իրաւունք»՝ «ճանչցուելու, ողջունուելու և հասկացուելու իրենց մօր ու հօր եւ ընտանիքին կողմէ, վստահութիւն ունենալու համար», որպէսզի «շրջապատուած ըլլան գուրգուրանքով և վայելեն զգացմունքային անվտանգութիւնը՝ անկախ այն բանէ եթէ անոնք կ՛ապրին իրենց ծնողներուն հետ, կամ ոչ, բացայայտելու համար իրենց ինքնութիւնը, ունենալ «անուն, ընտանիք և ազգութիւն, յարգանք. և բարի համբաւ՝ վայելելու համար ապահովութիւն և յուզական կայունութիւն, իրենց կենսական և կրթական պայմաններուն մէջ»:

Հինգ կէտերը

Ինքնագիր նամակին մէջ Քահանայապետը հինգ կէտերու մէջ կ՛ամփոփէ նպատակները` որոնք զինք մղեցին հաստատելու Մանուկներու Համաշխարհային Օրը, ու կը պահանջէ որ ան յիշատակուի ըլլայ տիեզերական ըլլայ տեղական եկեղեցիներու մակարդակով։

Առաջին կէտը փոքրիկներու իրաւունքներուն ձայն տալն է՝ «Եկեղեցւոյ հովուական գործողութիւններու կիզակէտ ընտրելով «նոյն ուշադրութիւնը, որ Յիսուսը ունէր անոնց նկատմամբ»: Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը անհրաժեշտ կը նկատէ «եկեղեցւոյ փորձառութիւնը խթանել» բոլոր մակարդակներով, որպէսզի քրիստոնէական հասարակութիւնը «աւելի ու աւելի դառնայ կրթող համայնք, որ կարող է առաջին հերթին աւետարանել փոքրերու ձայնով»: Երրորդ կէտը, թոյլ տալ, որ տիեզերական Եկեղեցին «զգեստաւորուի փոքրերու զգացմունքներով», որպէսզի դառնայ հիւրընկալ տուն բոլորի համար, սկսեալ մանուկներէն։ Չորրորդ կէտը, այն է միշտ աւելիով ճանչցնել ու սիրել տալ Յիսուսը մանուկներուն, Եկեղեցւոյ հաւատքի ժառանգութեան և աւանդութիւններու համաձայն և վերջապէս «ի յայտ դնել Եկեղեցին որպէս մայր, ըլլայ քրիստոնէականի ըլլայ արարողութիւններու պատրաստութեան մէջ»:

Համայն եկեղեցւոյ առաքելութիւն

Նամակը կ՛աւարտի յիշեցնելով որ Մանուկներու Համաշխարհային Օրուայ Քահանայապետական Կոմիտէի հաստատումը պարտականութիւն պիտի ունենայ խթանելու ու համակարգելու ազգային ու շրջանային կազմակերպչական Կոմիտէներու ձեռնարկները, ու համագործակցելու տեղական եկեղեցիներու ու Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերու հովուական գրասենեակներուն հետ որպէսզի «ՄՀՕ չմնայ լոկ կղզիացած ձեռնարկ, եւ պատանիներուն հովուական ծառայութիւնը միտ աւելիով դառնայ որակաւոր առաջնահերթութիւն, ըլլայ աւետարանական ըլլայ մանկավարժական առումներով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2024, 12:39