Քահանայապետը Երիտասարդներու Ազգային Խորհուրդի անդամներուն. Թոյլ մի տաք որ ձեզմէ խլեն յոյսը, երազներ մշակեցէք
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 16 նոյեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական Պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ընդունեց Երիտասարդներու Ազգային Խորհուրդի անդամները, կազմակերպութեան քսան ամեակին առիթով, եւ անոնց ուղղած ողջոյնի իր խօսքին մէջ ընդգծեց յոյսը վառ պահելու կարեւորութիւնը, որ ըսաւ Ան «վերաբերմունքն է, որ առաւելապէս կը բնորոշէ երիտասարդ իտալացիները»։
Մի կորսնցնէք երազելու կարողութիւնը
«Խնդրեմ մի կորսնցնէք երազելու կարողութիւնը. Երբ երիտասարդ մը կորսնցնէ այս կարողութիւնը կը դառնայ կեանքի թոշակառու եւ այս մէկը շատ գէշ բան է։ Ասոր համար երիտասարդներ` մի ըլլաք «կեանքի թոշակառուներ» եւ թոյլ մի տաք որ ձեզմէ խլեն յոյսը. Երբեք։ Յոյսը երբեք յուսախաբ չի թողուր» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով ու կարեւորելով երիտասարդներուն դերը, որպէս խորհրդատուական մարմին, ներկայացնելու երիտասարդական աշխարհը տեղական, ազգային և եւրոպական մակարդակներով եւ յատկապէս ձայն տալու անոնց որոնք ձայն չունին` «ցանց մը կազմեցէք երազելու համար եւ երազելու այս կարողութիւնը մի կորսնցնէք» շեշտեց Նորին Սրբութիւնը։
Ան մատնանշեց նաեւ այն բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն, զոր պէտք է դիմագրաւեն երիտասարդները, ինչպիսիք են աշխատանքը, ընտանիքը, կրթութիւնը ու նոր արհեստագիտութիւնը, ընդգծելով նաեւ աճող ընկերային անհանգստութիւնը, որ կը բացայայտուի բռնութեան եւ ինքնավնասման գործողութիւններով։
Կրթական գիւղը
«Մեզի անհրաժեշտ է «կրթական գիւղ», ուր բազմազանութեան մէջ կիսուին մարդկային և բաց յարաբերութիւններու ցանց ստեղծելու պարտաւորութիւնը: Մեզի պէտք է դաշնագիր, դաշինք` անոնց միջև, որոնք կը ցանկան մարդը ընտրել որպէս կենտրոն եւ միևնոյն ժամանակ, պատրաստ են նոր ուժ ներդրել վերապատրաստելու համար, անոնք` որոնք պիտի ծառայեն հասարակութեան» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ երիտասարդները կոչուած են դառնալու կեանքի գեղեցկութեան վկաները, անձնուրաց ծառայութեան և համայնքին ի սպաս յանձնառումի միջոցաւ:
Անձուրաց ծառայութիւն եւ քրիստոնէական աւետիսը
«Ձեր անձնուրաց ծառայութիւնը յանուն ճշմարտութեան և ազատութեան, յանուն արդարութեան և խաղաղութեան, յանուն ընտանիքի և քաղաքականութեան, ամենագեղեցիկ և անհրաժեշտ ներդրումն է, որ կարող Էք առաջարկել հաստատութիւններուն` նոր հասարակութիւն մը կառուցելու համար... որ հիմնուած է ընկերային զօրակցութեան ու հանդիպումի մշակոյթին վրայ», յարեց Նորին Սրբութիւնը, հրաւիրելով ներկաները «խաղալու մանուկներուն հետ եւ շոյելու տարեցները», որպէսզի «ձեր երիտասարդութիւնը դառնայ պտղաբեր» ըսաւ Ան շեշտը դնելով նաեւ քրիստոնէական աւետիսի կարեւորութեան վրայ` «Աւետիս որ կը վերաբերի բոլորին, եւ զոր միշտ կարիքը ունինք ունկնդրելու. «Աստուած կը սիրէ քեզ», «Քրիստոս քեզ կը փրկէ», «Ան կենդանի է», եւ եթէ Ան կենդանի է ուրեմն յոյսը ունայն չէ, չարը, յոռետեսութիւնը եւ թերահաւատութիւնը վերջին խօսքը պիտի չունենան» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա աւելցուց, թէ «Քրիստոնեայ ըլլալու համար չկայ բարոյական որոշում, կամ վիթխարի միտք մը, այլ Անձի մը հետ հանդիպումը։ Յոյսը` մեզի քրիստոնեաներուս համար ունի անուն մը եւ դիմագիծ. Յիսուս»։
Յանդուգն ըլլալ ու դիմագրաւել մարտահրաւէրները
Քահանայապետը հրաւիրեց ապա երիտասարդները վախ չունենալու դժուարակրութիւններէն, ջանալով հակամարտութիւնները դիմագրաւել համբերութեամբ եւ ունկնդրութեամբ։
«Յառաջ ընթացէք ձեր ծառայութեան մէջ` որ է որոնել, պահպանել ու իտալացի երիտասարդներուն ձայնն ու յոյսը տանիլ պաշտօնական միջավայր, որպէսզի միասին մասնակցիք հասարակաց բարիքին», եղաւ Նորին Սրբութեան ճառին վերջին խրատը, որմէ ետք ան բոլոր ներկաները յանձնեց Երիտասարդ Երանելի Փիէր Ճորճօ Ֆրասսաթիին, հրաւիրելով ճանչնալ զան ու ընդօրինակել անոր քաջութիւնը եւ հետեւողականութիւնը, հուսկ շնորհեց իր օրհնութիւնները ու սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրեց իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ