Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Քրիստոսը մեր կեանքին կեդրոն դնենք՝ յոյսը վերակենդանացնելու համար պատերազմներով խոցուած աշխարհին մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Միջազգային Աստուածաբանական յանձնաժողովի ընդհանուր նիստի մասնակիցները ու անոնց փոխանցած պատգամը սկսաւ անդրադառնալով Յոբելինական Սուրբ Տարուան եւ եպիսկոպոսներուն 16-րդ ընդհանուր սովորական սինոդին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Միջազգային Աստուածաբանական յանձնաժողովի ընդհանուր նիստի մասնակիցները ու անոնց փոխանցած պատգամը սկսաւ անդրադառնալով Յոբելինական Սուրբ Տարուան եւ եպիսկոպոսներուն 16-րդ ընդհանուր սովորական սինոդին խօսքը կեդրոնացնելով երկու կարեւոր նիւթերու վրայ՝ առաջին Քրիստոսը կեդրոն դնել, երկրորդ սինոդականութեան աստուածաբանութեան մշակումը։

Քրիստոսը կեդրոն դնել մեր կեանքին մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապ նախ նշեց, որ Յոբելինական Սուրբ Տարին հրաւէր է բացայայտելու Քրիստոսի դէմքը եւ կեդրոնանալու, ապա յիշելով Նիկիոյ ժողովի 1700 ամեակը, նախ նշեց, որ Ինք կը մտածէ Նիկիա երթալ հաստատելով, որ այդ ժողովը եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան համար հիմնաքարն մըն է, որովհետեւ Յիսուսի նկատմամբ հաւատքը՝ Աստուծոյ Որդին որ մարդեղացաւ մեր մարդկութեան համար, ձեւաւորուեցաւ եւ դաւանուեցաւ որպէս լոյս, որ կը լուսաւորէ մեր իրականութեան իմաստը եւ մեր պատմութեան ճակատագիրը։

Նիկիոյ տիեզերական ժողովին կարեւոր նպատակն էր խորացնել Քրիստոսի խորհուրդը եւ նպաստել Քրիստոնեաներու միջեւ եղբայրութիւնը ու այս գծով Աստուածաբանութիւնը վճռորոշ դեր ունի՝ այդ մտորումներուն եւ երկխօսութեան գործընթացէն ներս, արձագանգել բարդ աշխարհի մարտահրաւէրներուն, որ յատկանշուած է հակամարտութիւններով, տարածելով արդարութեան եւ խաղաղութեան պատգամներ, ըսաւ Սրբազան Հայրը

Սինոդական աստուածաբանութեան զարգացումը

Այս կէտին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Եպիսկոպոսներու ընդհանուր սինոդին, որ յատուկէն կեդրոնացաւ Աստուածաբանութեան պարտականութեան վրայ, «խարիզմներու, կոչումներու եւ առաքելութեան համար պաշտօններուն» շրջանակէն ներս։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Սուրբ Պօղոս Զ,  Տիեզերական ժողովին աւարտին ստեղծեց եպիկոպոսներուն սինոդի քարտուղարութիւնը ու 60 տարին ետք զարգացաւ սինոդական աստուածաբանութիւն մը ու այսօր չէ կարելի մտածել հովուական ծառայութիւն մը առանց սինոդականութեան ծաւալին։

նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ եպիսկոպոսներու ընդհանուր ժողովին նիւթին նուիրուած սինոդականութեան, սինոդականութիւն, որ հիմնական դարձաւ ժամանակից հովուական ծառայութեան մէջ։ Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց, Աստուածաբանութեան զարգացում մը, որ կ՝ընկերանայ սինոդական գործընթացին դէպի ստեղծագործ առաքելութիւն, ներգրաւելով եկեղեցւոյ բոլոր բաղադրիչները։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց հրաւիրելով մօտիկ գտնուելու Քրիստոսի սիրտին, որ փրկութեան եւ միասնութեան  աղբիւրն է ու ընդգծեց Աստուածաբանութեան անհրաժեշտութիւնը, որ կենսականօրէն կապուած է ուրախութեան եւ զուարթամտութեան զգացումին հետ, որ կ՝օգնէ եկեղեցւոյ պտուղներ բերելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2024, 10:04