Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Մխիթարութիւն եւ օգնութիւն ցուցաբերեցէք բոլոր տառապողներուն

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Պաշտպանել Եւրոպայի մէջ կաթողիկէ եկեղեցի» նիւթով համագումարի մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի 13 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը ուղղեց անչափահասներու պաշտպանութեան Քահանայապետական յանձնաժողովին կողմէ կազմակերպուած «Պաշտպանել Եւրոպայի մէջ կաթողիկէ եկեղեցի» նիւթով համաժողովին մասնակիցներուն։ Այսօր սկիզբ առած համագումարին՝ որ վերջ պիտի գնտէ 15 նոյեմբերին, իրենց մասնակցութիւն բերին 100 մասնագէտներ՝ ժամանած Եւրոպայի աւելի քան 25 երկիրներէ։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց համագումարի մասնակիցները, որ նուիրուած է անչափահասներուն եւ խոցելի անհատներու պաշտպանութեան ընդգծելով, որ անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնաժողովին նուիրուածութիւնը ցոյց կու տայ եկեղեցւոյ շարունակական ջանքերը՝ ամենէն շատ տկարներուն պաշտպանելու գործին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա բարձր գնահատեց յիշեալ յանձնաժողովի անդամներուն աշխատանքները՝ խաղաղութեան կառուցողները ըլլալու եւ դժուարութեան մէջ գտնուող անձերու աջակցուելու ծիրէն ներս յատուկէն պատերազմի շրջանակէն ներս գտնուող անձերու նկատմամբ ։

«Ձեր ներկայութիւնը կը ներկայացնէ միասնականութեան եւ աջակցութեան գեղեցիկ վկայութիւն մը» նշեց Ան։

Անդրադառնալով ապա համագումարին, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ համագումարէն բխած երկխօսութիւնը հնարաւորութիւն կ՝ընձեռէ աւելի խոր ըմբռնման եւ պաշտպանութեան՝ նուիրուածութեան համար ու մաղթեց որ համագումարի մասնակիցները կարենան ստեղծել կայուն ցանց մը կիսելու համար բարի գործեր եւ ճանաչումներ ապա յոյս յայտնեց նաեւ որ պաշտպանութեան ծրագիրները արդիւնաւէտ եւ կայուն ըլլան։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հիմնական նկատեց աջակցութիւն ցուցաբերելը բոլոր անոնց որոնք կը տառապին յանուն արդարութեան եւ համերաշխութեան։ Քահանայապետը պատգամը աւարտեց ապահովուելով իր աղօթքը համագումարի յաջողութեան համար, ապա հայցեց բոլորին վրայ Սուրբ Հոգիին պարգեւները, շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2024, 12:16