Ongoing hostilities between Hezbollah and Israeli forces

Չմոռնանք պատերազմի մէջ գտնուող երկիրները` մենք շատ պէտք ունինք խաղաղութեան. Ֆրանչիսկոս Պապ

Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Քահանայապետը անգամ մը եւս յիշեց աշխարհի մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւնները ու հրաւիրեց աղօթելու խաղաղութեան համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

13 նոյեմբերի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ունկնդրութեան մասնակցող տարբեր երկիներէ ժամանած ուխտաւորները Նորին Սրբութիւնը իտալացի հաւատացեալները ողջունելէն ետքը հրաւիրեց չմոռնալ պատերազմի մէջ գտնուող երկիրները որոնց շարքին յատուկէն անդրադարձաւ Ուքրանիոյ` «որ կը տառապի» ըսաւ Ան հրաւիրելով նաեւ չմոռնալ Պաղեստինը, Իսրայէլը. Միանմարը ու «պատերազմի մէջ գտնուող այլ բազմաթիւ երկիները»։

«Չմոռնանք այդ պաղեստինցիներուն խումբը` որոնք գնդակահարուեցան, անմեղ անձինք...աղօթենք խաղաղութեան համար։ Մենք շար պէտք ունինք, շատ պէտք ունինք խաղաղութեան» հաստատեց Քահանայապետը

Պաղեստինցիներու խումբը որուն ակնարկեց Սրբազան Պապը այն 153 խաղաղ բնակիչներն են, որոնք սպաննուեցան մինչ «ճամբուն վրայ կը գտնուէին» ինչպէս ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը անցեալ 6 նոյեմբերի ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին։ «Ի՞նչ կապ ունին երեխաներն ու ընտանիքները պատերազմի հետ. անոնք առաջին զոհերն են», - ըսած էր այդ առիթով Ան։

Յայտնենք` որ զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքերու շարքին Սրբազան Պապը լեհ հաւատացեալներուն ուղղած իր խօսքին մէջ յիշեց Երկրին վերանկախութեան» տարեդարձը որ տօնախմբուեցաւ անցեալ 11 նոյեմբերին եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց զանոնք «իրենց անձնական, ընտանեկան եւ ընկերային մտահոգութիւններուն մէջ հայցելու Լեհաստանի Թագուհի Աստուածամօր օգնութիւնը, որ պահպանեց ձեր Երկիրը բազմաթիւ դժուար պահերու ընթացքին» ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով, որ «լեհ ժողովուրդը պայքարեցաւ իր ինքնավարութեան համար Վարդարանը իր ձեռքին»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2024, 11:42