Ուխտաւորներ Ուխտաւորներ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Ուխտաւորներ ենք, քալելը մեզ կը մօտեցնէ Աստուծոյ եւ ուրիշներուն կեանքին

Ֆրանչիսկոս Պապին խորհրդածութիւնները պարունակող «Յոյսը լոյս է գիշերուան մէջ» եւ «Հաւատքը ճամբորդութիւն է» վերնագիրով երկու հատորներու նախաբանները՝ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութեամբ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յոբելինական Սուրբ Տարուան սեմին, Վատիկանի տպագրատունը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին խորհրդածութիւնները պարունակող «Յոյսը լոյս է գիշերուան մէջ» եւ «Հաւատքը ճամբորդութիւն է» վերնագիրով երկու հատորներ։

Յոյսը լոյս է գիշերուան մէջ

«Յոյսը լոյս է գիշերուան մէջ» վերնագիրով հատորին նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ակնարկէ 2025 թուականին յոբելինական սուրբ Տարուան «Յոյսի ուխտաւորներ» բնաբանին նշելով, որ այդ նիւթը հրաւէր մըն է ուղղուած մտածելու յոյսի մասին՝ որպէս Աստուծոյ պարգեւը եւ Քրիստոնեայի պարտականութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը կը գրէ որ յոյսը հակամարտութիւններով բնորոշուած ժամանակաշրջանին մէջ չսահմանափակուիր մակերեսային լաւատեսութեամբ, այլ անիկա Աստուծոյ մեզի առաջարկած փրկութեան գիտակցուած ակնկալիքն է։

Յոյսը կ՝ենթադրէ ճանչնալ Աստուծոյ անվերապահ սէրը եւ ուրիշներուն բարօրութեան համար այս առաքինութիւնը մշակելու յանձնառութիւնը, կը գրէ Սրբազան Հայրը ապա օրինակ կը բերէ պատերազմի մէջ իրենց զաւակները կորսնցնող Իսրայէլացի եւ Պաղեստինցի երկու հայրերը կը նշէ որ այդ օրինակը ցոյց կու տայ՝ թէ չնայած ցաւին եւ ատելութեան հնարաւոր է հաշտութիւն եւ բարեկամութիւն գտնել ու այդ օրինակը կը ներկայացնէ յոյսի հզօր նշան մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կը հրաւիրէ ամէն օր կիրարկել յոյսի ճանաչումի ժեսթ մը, ամէն իրիկուն մտածելով օրուան դրական փորձառութիւններու մասին։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել կու տայ, որ աշխարհին մէջ յոյսը ճանչնալով մենք կարող կը դառնանք՝ ապագային փարոսները դառնալու ուրիշներուն համար։

Հաւատքը ճամբորդութիւն է

«Հաւատքը ճամբորդութիւն է» վերնագիրով հատորին նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը կեդրոնանայ քալելու կարեւորութեան վրայ նշելով որ քալելը քրիստոնեայի պարտականութիւնն է ու քալելը մեզի կը կապէ իրականութեան եւ ուրիշներուն կեանքին հետ։ Քալելը հաւատքի արարք է, ուխտագնացութիւն մըն է եւ ոչ թէ պարզ ճամբորդութիւն մը, կը նշէ Սրբազանը աւելցնելով որ Ուխտագնացը իր ուղեւորութիւնը կ՝ապրի հետեւելով երեք բանալի բառերուն «Ջանք, վտանգ եւ նպատակետ։

Վտանգ

Ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ, թէ ժամանակին ուխտագնացութիւն ձեռնարկելը զգալի վտանգ կը պարունակէր, սակայն ուխտաւորները ունէին ամուր հաւատք, որ զիրենք կը մղէր դիմագրաւելու այդ դժուարութիւնները։ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ խնդրել Տիրոջմէ ունենալու այդ հաւատքը, ընդունելով մենք մեզի լքելու Աստուծոյ կամքին։

Ջանք

Ֆրանչիսկոս պապ կը նշէ, որ քալելը կը պահանջէ նուիրուածութիւն եւ զոհաբերութիւն, այնպէս ինչպէս ցոյց կու տան ժամանակակից ուխտաւորները, որոնք կը ձեռնարկեն պատմական երթուղիներ։ Ջանքը պարգեւատրուած է գեղեցկութեան, հիւրընկալութեան եւ ուրիշներուն հետ կապուելու գեղեցկութեամբ ու ուխտաւորը գիտէ գնահատել էականը աւելորդէն, կը գրէ Սրբազան Հայրը։

Նպատակետ

Ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ, որ Իւրաքանչիւր ուխտաւոր ունի նպատակ եւ ուղղութիւն։ Հաւատացեալներու համար Աստուած նպատակ է։ Նպատակին հասնիլը լիարժէք բաւարարուածութեան չի յանգեցնէր, որովհետեւ Աստուած միշտ մեր հասկացողութենէն վեր է ։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մէջբերելով Եսային մարգարէն հատուածը մը կ՝ընդգծէ, որ մենք անսահման ճամբորդութեան մէջ ենք՝ դէպի Աստուած, որ մեզ կը սպասէ մխիթարութեամբ եւ շնորհքով։

Ի վերջոյ  Ֆրանչիսկոս Պապ կը գրէ, որ քալելը հաւատքի ճամբորդութիւն է, որ կը ներառէ վտանգ, ջանք եւ նպատակի շարունակական որոնում, որ նոյնինքն Աստուած է ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2024, 11:26