Միօրեայ աստղ մի ըլլաք ցանցերուն վրայ այլ փայլեցէք Աստուծոյ սիրոյ երկնքի մէջ. Սէրը չի վաճառուիր. Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն

Աստուած ձեզ կը սիրէ այնպէս ինչպէս որ էք։ Անոր առջև ձեր մաքուր երազանքները աւելի արժէքաւոր են, քան յաջողութիւնն ու համբաւը... Ձեր արժանապատւութիւնը փոխզիջման առարկայ մի դարձնէք։ Ան որ աշխարհը կը փրկէ սիրոյ ձրիութիւնն է։ Եւ սէրը չի վաճառուիր` ձրի է, անձնուիրում է»։ Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնի եւ ԵՀՕ նուիրուած պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի 24 նոյեմբեր 2024ին Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնին օրը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ գլխաւորեց տօնին ու Երիտասարդութեան համաշխարհային Օրուան նուիրուած սուրբ պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր հաւատացեալներ որոնց շարքին բազմաթիւ երիտասարդներ որոնցմէ շատեր պատարագին հետեւեցան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ զետեղուած մեծ պաստառներու միջոցաւ։

Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնի եւ ԵՀՕ նուիրուած պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ
Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնի եւ ԵՀՕ նուիրուած պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ

Յիսուս Քրիստոսի Թագաւոր Տիեզերքի տօնը

Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի եւ ԵՀՕ նուիրուած սուրբ զոհի ընթացքին սուրբ գրային ընթերցումներէն ետքը Սրբազան Պապը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը որուն սկիզբը յիշեց` թէ` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Թագաւոր Տիեզերաց տօնը հրաւէր է խորհրդածելու Անոր յաւիտենական թագաւորութեան մասին։

«Խորհրդածութիւն մըն է, որ կը բարձրացնէ եւ կը յուզէ: Բայց եթէ մենք նայինք մեր շուրջը, մեր տեսածը տարբեր կը թուայ և մեր մէջ կարող են յառաջանալ անհանգստացնող հարցեր: Ի՞նչ ըսել պատերազմներու, բռնութիւններու, բնական աղէտների մասին։ Եւ ի՞նչ մտածել այն խնդիրներու մասին, զոր դուք եւս, սիրելի երիտասարդներ, պէտք է դիմագրաւէք՝ նայելով ապագային. աշխատանքի անապահովութիւնը, տնտեսական անորոշութիւնը ապա, պառակտումներն ու անհաւասարութիւնները, որոնք կը բևեռացնեն հասարակութիւնը: Ի՞նչու այս ամէնը տեղի կ՛ ունենայ: Իսկ ի՞նչ կարող ենք ընել, որ այս բաներու ճնշումին տակ չմնանք։ Ասոնք դժուար, բայց կարևոր հարցեր են», ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով թէ մինչ կը տօնախմբուի ԵՀՕ ինք կ՛ուզէ առաջարկել երեք կարեւոր կէտեր` մեղադրանքներ, հաւանութիւն և ճշմարտութիւն։

Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնի եւ ԵՀՕ նուիրուած պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ
Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնի եւ ԵՀՕ նուիրուած պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ

Մեղադրանք

Առաջինը մեղադրանք։ Աւետարանին մէջ Յիսուս ներկայացուած է, որպէս մեղադրեալ Պիղատոսին առջեւ, որ ճնշող ուժերու ներկայացուցիչն է։ Հակառակ մեղադրանքներուն ու դատապարտումին Յիսուս կը մնայ հաստատ եւ հաւատարիմ իր առաքելութեան` որ է սիրոյ եւ արդարութեան առաքելութիւն, դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ըսաւ.

«Սիրելի երիտասարդներ կարող է պատահի, որ ձեզ ալ մեղադրեն, որովհետեւ կը հետեւիք Յիսուսին...կարելի է` որ անձեր ձեզ ստիպեն որ դուք ձեզ զգաք սխալի մէջ, որովհետեւ կը հետեւիք Աւետարանին ու անոր արժէքներուն, որովհետեւ չէք համակերպիր, չէք թուլանար ինչպէս կ՛ընեն միւս բոլորը» յարեց Քահանայապետը խրախուսելով երիտասարդները չվախնալու «դատապարտումներէն»։ «Մի անհանգստանաք. վաղ թէ ուշ քննադատութիւններն ու կեղծ մեղադրանքները կը հեռանան, և անոնց սատարող մակերեսային արժէքները կը բացայայտուին իրենց էութեամբ` այսինքն պատրանքներ» աւելցուց Քահանայապետը ու երիտասարդները հրաւիրեց, որ թոյլ չտան «գինովնալ պատրանքներով»,  «այն ինչ` որ կը մնայ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ սիրոյ գործերը, ինչպէս մեզի կը սորվեցնէ Յիսուս, այս է որ կը մնայ եւ գեղեցիկ կը դարձնէ կեանքը։ Մնացածը կարեւոր չէ։ Ասոր համար կը կրկնեմ. Մի վախնաք աշխարհի դատապարտումներէն։ Շարունակեցէք սիրել» եղաւ Նորին Սրբութեան խրախուսանքը։

Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնի եւ ԵՀՕ նուիրուած պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ
Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնի եւ ԵՀՕ նուիրուած պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ

Հաւանութիւնն ու համբաւը

Ան ապա խօսեցաւ հաւանութեան մասին ակնարկելով Յիսուսի խօսքերուն, որ կը հաստատէ թէ իր թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէ ու թէ ինք կը մերժէ իշխանութեան տրամաբանութիւնը։ Երիտասարդները եւս հրաւիրուած են չփնտռելու միւսներուն հաւանութիւնը, այլ ապրելու անկեղծութեամբ եւ իսկականութեամբ։ «Ուշադիր եղէք` ծախու մի դնէք ձեր արժանապատւութիւնը» զգուշացուց Սրբազան Պապը հաստատելով` որ «Աստուած ձեզ կը սիրէ այնպէս ինչպէս որ էք։ Անոր առջև ձեր մաքուր երազանքները աւելի արժէքաւոր են, քան յաջողութիւնն ու համբաւը... Մի համակերպիք «մէկ օրուայ աստղ» ըլլալու, սոցիալական ցանցերուն վրայ...Երկինքը, որուն մէջ դուք կանչուած էք փայլելու, աւելի մեծ է. Անիկայ Աստուծոյ երկինքն է, որտեղ Հօր անսահման սէրը արտացոլուած է մեր անհամար փոքրիկ լոյսերուն մէջ... մտիկ մի ընէք անոնց` որոնք սուտ խօսելով, ձեզի կը պատմեն հակառակը. Արդարեւ հաւանութիւնները չեն որ աշխարհը պիտի փրկեն եւ ոչ ալ երջանիկ պիտի դարձնեն, այլ այդ ընողը միայն ձրի սէրն է»։ Ան որ աշխարհը կը փրկէ սիրոյ ձրիութիւնն է։ Եւ սէրը չի վաճառուիր` ձրի է, անձնուիրում է» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը։

Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնի եւ ԵՀՕ նուիրուած պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ
Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնի եւ ԵՀՕ նուիրուած պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ

Ճշմարտութիւնը

Ի վերջոյ երրորդ կէտը ճշմարտութիւնն է։ Յիսուս աշխարհ եկաւ վկայելու համար ճշմարտութիւնը, ու այս ըրաւ մեզի սորվեցնելով սիրել Աստուած ու եղբայրները։ Արդարեւ միայն սիրոյ մէջ է` որ կեանքը իմաստ ու լոյս կը գտնէ. Ապա թէ ոչ բանտարկուած կը մնանք սուտի մը մէջ, «Ես» ի սուտը` որ արմատն է իւրաքանչիւր անարդարութեան եւ ապերջանկութեան։ Քրիստոս ճանապարհ, ճշմարտութիւն ու կեանք է, եւ մեզի կը սորվեցնէ թէ միայն սիրոյ մէջ է, որ մենք կարող ենք ապրիլ, աճիլ ու ծաղկիլ մեր արժանապատւութեան մէջ։ Ջանք դափենք առ այդ վկայելու ճշմարտութիւնը սիրոյ մէջ, սիրելու մէկը միւսը նման Յիսուսին։

Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնի եւ ԵՀՕ նուիրուած պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ
Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնի եւ ԵՀՕ նուիրուած պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ

Յիսուս մեզ ազատ կը թողու բայց առանձին չի թողուր

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր իրականութեան չի համապատասխաներ այն բանը զոր ոմանք կը հաստատեն` թէ Աստուծոյ ձեռքերէն խուսափած են աշխարհի իրադարձութիւնները։ Ճշմարտութիւն չէ` որ պատմութիւնը կը գրեն հզօրները եւ բռնարարները։ Անոնք` որոնք կը կործանեն մարդիկը, պատերազմներ կը հրահրեն, ինչ երեսով պիտի ներկայանան Տիրոջ առջեւ։ Ի՞նչ պիտի պատասխանեն անոր։ Մտածենք այս մասին։ Տէրը մեզի ալ հարցեր պիտի տայ մեր ըրածներուն համար։ Ամէն ինչ կը հպատակի Քրիստոս Թագաւորի դատաստանին։ Ան մեզ ազատ կը թողու, բայց առանձին չի թողուր, երբեք չի դադրիր մեզ սիրելէ, ու եթէ փափաքինք` մեզ կը վերականգնէ, որպէսզի կարողանանք ուղեւորութիւնը վերսկսիլ ուրախութեամբ։

Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնի եւ ԵՀՕ նուիրուած պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ
Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնի եւ ԵՀՕ նուիրուած պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ

Յոյս ունենալ Տիրոջ վրայ ու քալել առանց յոգնելու

Արարողութեան աւարտին երիտասարդ փորթուկալցիներ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ խորհրդանիշները պիտի փոխանցեն երիտասարդ Քորէացիներուն, Խաչն ու Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Սրբապատկերը. Այս մէկն ալ հրաւէր է մեզի բոլորիս համար Աւետարանը վստահութեան եւ յոյսով տանելու ամենուրէք, վերականգնելով իւրաքանչիւր անկումէն ետքը, եւ երբեք չի դադրելու յոյս ունենալ, ինչպէս կը հնչէ այս Օրուան բնաբանը. «Անոնք, որոնք յոյս ունին Տիրոջ վրայ, կը քալեն առանց յոգնելու» (տես Ես 40.31):

«Դուք սիրելի քորէացի երիտասարդներ պիտի ընդունիք խաչը` կեանքին Խաչը, յաղթութեան նշան, բայց անիկայ առանձին չէ։ Զայն պիտի ընդունիք Մամային հետ։ Մարիամն է արդարեւ` որ մեզի կ՛ընկերանայ դէպի Յիսուս, Մարիամն է, որ դժուար պահերուն խաչին ոտքին է, նաեւ մեր առօրեայ խաչերու ոտքին, որովհետեւ Ան Մայր է, մեր մայրը։ Մտածեցէք Մարիամի մասին» ըսաւ Քահանայապետը։

Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնի եւ ԵՀՕ նուիրուած պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ
Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնի եւ ԵՀՕ նուիրուած պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ

Հայեացքը ուղղենք Յիսուսին ու Մարիամին

Ան ապա քարոզը աւարտեց հրաւիրելով Մեր հայեացքը ուղիղ մղելու Յիսուսի և Մարիամի վրայ՝ այնպէս` որ նաեւ դժուարութիւններուն մէջ մենք գտնենք ուժը յառաջ ընթանալու առանց վախնալու դատապարտութիւններէն, առանց հաւանութեան կարիքի, ինքնուրոյն արժանապատւութեամբ, եւ այն վստահութեամբ որ պիտի փրկուինք ու առաջնորդուած ենք Մարիամէն` Մամայէն, առանց փոխզիջումներու, առանց հոգեւոր դիմայարդարման։ Ձեր արժանապատւութիւնը պէտք չունի դիմայարդարումի։ Յառաջ ընդանանք, այն ուրախութեամբ բոլորի համար ըլլալու ճշմարտութեան վկաները սիրոյ մէջ։ Եւ մի կորսնցնէք ուրախութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2024, 10:37