«Յիսուս յիշէ մեզի». Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը ննջեցեալ կարդինալներու ու եպիսկոպոսներու հոգեհանգստեան սուրբ պատարագի ընթացքին

Այսօր առաւօտեան Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ կայացաւ անցեալ 12 ամիսներու ընթացքին մահացած Կարդինալներուն ու Եպիսկոպոսներուն նուիրուած հոգեհանգստեան սուրբ պատարագը նախագահութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

«Յիսուս յիշէ զիս Քու Արքայութեանդ մէջ։ Ասոնք վերջին բառերն են ուղղուած Տիրոջ իր հետ խաչուած երկու աւազակներէն մէկուն։ Աշակերտ մը չէ զանոնք արտասանողը այլ աւազակ` մէկ մը որ Անոր հանդիպեցաւ միայն կեանքի վերջին պահուն, մէկ մը` որուն անունը չենք գիտեր»։ Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը սկսաւ իր քարոզը` Երկուշաբթի 4 նոյեմբերի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ գլխաւորած սուրբ պատարագի ընթացքին, զոր  նուիրուած էր այն կարդինալներու ու եպիսկոպոսներու հոգւոյն հանգստեան` որոնք վերջին տարուայ ընթացքին հեռացան այս աշխարհէն։

Յիսուս յիշէ զիս

Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած հատուածը երկխօսութիւն մըն է Յիսուսին ու իր հետ խաչուող աւազակին հետ ու կ՜արտայայտէ խոր ճշմարտութիւն մը յիշատակի եւ յոյսի մասին եւ այդ դատապարտեալը «կարող է ներկայացնել մեզ բոլորս ու կարող ենք մերը ընել անոր աղերսը «Յիսուս յիշէ զիս», կենդանի պահէ զիս յիշողութեանդ մէջ» յարեց Քահանայապետը հրաւիրելով խորհրդածել «յիշելու» արարքին վրայ։

Յիշել կը նշանակէ «կրել սրտին մէջ» եւ այդ մարդը իր վերջին ցաւը կը դարձնէ աղօթք. «Յիսուս զիս կրէ քու սրտիդ մէջ» եւ այս կ՜ընէ լի յոյսով, բացատրեց Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ աւազակը կը փնտռէր զինք հիւրընկալող սիրտ մը եւ Քրիստոսը, որ ցաւով խոցուած է անոր կը պատասխանէ փրկութեան խօսքերով՝ «Այսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ»։ Որովհետեւ Տէրը կ՛անսայ մեղաւորի աղօթքին, մինչեւ վերջ։

Ի՞նչպէս կը յիշենք միւսները

Այս իրադարձութիւնը կը հրաւիրէ մեզ խորհելու, թէ ի՞նչպէս մենք կը յիշենք միւսները ու թէ ինչպէս վառ պահել գործուն ողորմութեան յիշողութիւնը։ «Տիրոջ յիշողութիւնը արդարեւ կը պահպանէ համայն պատմութիւնը` Ան անոր գթասիրտ ու ողորմութեամբ հարուստ դատաւորն է։

Այսօր մեր յիշողութիւնը նուիրուած է մեր կարդինալ ու եպիսկոպոս եղբայրներուն համար` որոնք մահացան վերջին 12 ամիսներու ընթացքին։ Անոնք եղան Տիրոջ հօտին հովիւները, սիրեցին եկեղեցին աղօթենք, որպէսզի կարողանան վայլել սուրբերուն ընկերութիւնը, ու մենք եւս հաստատ յոյսով սպասենք, որ անոնց հետ ուրախանանք Դրախտին մէջ։ Յիսուս յիշէ մեզի։ Յիսուս յիշէ մեզի։ Յիսուս յիշէ մեզի։ Ըսաւ Քահանայապետը փզրափակելով քարոզը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2024, 11:50