BRAZIL-G20-SUMMIT-PREPARATIONS

Քահանայապետը G20ին. Ան որ անօթութիւն ու մահ կը պատճառէ վաշխի և ագահութեան միջոցաւ մարդասպանութիւն կը կատարէ

Կարդինալ Փարոլինը յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին կը մասնակցի Պրազիլի Ռիօ ՏԷ Ժանէյրոյի մէջ կայացած 20 Մեծ Պետութիւններու Ղեկավարներու վեհաժողովին եւ ընթերցեց այս առիթով Քահանայապետին պատգամը, որուն մէջ Ան դիտել կու տայ. «Մինչ մենք յառաջ կը մղենք մեր գաղափարական վէճերը, միլիոնաւոր մարդիկ կը մահանան» ապա կ՛առաջարկէ զէնքերու դրամով ստեղծել զարգացման հիմնարկ մը, ու կը դատապարտէ պատերազմները, 20 Ղեկավարներու Խումբէն խնդրելով` որ որոնեն նոր ճանապարհներ ի սպաս մնայուն խաղաղութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Անոնք` որոնք վաշխի և ագահութեան միջոցաւ անօթութիւն ու մահ կը պատճառեն մարդկային ընտանիքի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, մարդասպանութիւն կը կատարեն»։ Այս է Ֆրանչիսկոս Պապին կեդրոնական մտքերէն մին, որ պարունակուած է Անոր` Պրազիլի Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ կայացած G20 վեհաժողովի առաջնորդներուն ուղղած պատգամին մէջ, պատգամ` որ ընթերցեց Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը որ յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին կը մասնակցի այդ հաւաքին։

Կառուցել աւելի լաւ աշխարհ մը

Քահանայապետին պատգամին հասցէատէրը Պրազիլի հանրապետութեան նախագահ Լուիս Ինիացիօ Լուլա Տա Սիլվան է, որուն Սրբազան Պապը կ՛ուղարկէ իր շնորհաւորանքները եւ կ՛ողջունէ վեհաժողովի բոլոր մասնակիցները, յոյս յայտնելով որ «քննարկումները եւ արդիւնքները սատարեն կառուցելու աւելի լաւ ու բարօր աշխարհ մը ապագայ սերունդներուն համար»։

Անօթութեան վերացումը

Յղում կատարելով «Fratelli Tutti» շրջաբերական նամակին Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ թէ «քաղաքականութիւնը պէտք է առաջնահերթ ու հրամայական նպատակ դարձնէ անօթութեան վերացումը» … «անօթութիւնը ոճիր է, եւ կերակուրը անձեռնմխելի իրաւունք է»։ Չափազանց կարևոր է ճանչնալ միջազգային համակարգի վրայ ճնշումները, որոնք կը դրսևորուին պատերազմներով, հակամարտութիւններով, ահաբեկչական գործողութիւններով և մշտական​​անարդարութիւններով։

Նոր ուղիներ ի սպաս կայուն խաղաղութեան

G20-ը պէտք է բացայայտէ նոր ուղիներ՝ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար՝ ապահովելով տուժածներու արժանապատուութիւնը:

«Ներկայ հակամարտութիւնները` ոչ միայն մահ ու բնութեան ապականում կը պատճառեն այլ նաեւ անօթութեան ու աղքատութեան աճ, ուղղակիօրէն հարուածելով տուժած տարածքները եւ անուղղակիօրէնն հեռաւոր երկրրները արտադրական շղթաներու ընդհատումին միջոցաւ» կը նշէ ի միջի այլոց Քահանայապետը պատգամին մէջ, հաստատելով` որ «պարզ է, որ անոնք կը պահանջեն անյապաղ և վճռական գործողութիւններ՝ սովն ու աղքատութիւնը վերացնելու համար՝ ներգրաւելով ողջ միջազգային հանրութիւնը»։

Ոչ միայն քանակի հարց այլ ընկերային ու տնտեսական արդարութեան հարց

«Մարդկային արժանապատուութիւնը, հիմնական բարիքներու հասանելիութիւնը և կենսամիջոցներու արդար բաշխումը պէտք է ըլլան առաջնահերթութիւններ բոլոր քաղաքական և սոցիալական օրակարգերուն վրայ»։

Սրբազան Պապին համար ապա անօթութեան հարցը միայն ուտելիքի քանակի հարց չէ, այլ ընկերային ու տնտեսական արդարութեան աւելի ընդլայնուած հարց։ Արդարեւ գոյութիւն ունի սնունդի հասանելիութեան անհաւասարութիւն. աւելի քան 3 միլիարդ մարդ չունի սննդարար սննդակարգ, մինչդեռ գրեթէ 2 միլիարդը աւելորդ քաշով է:

Այս «պատուհասը» արմատախիլ ընելու համար, պէտք է գործողութիւններ ձեռնարկուին «համատեղ և համագործակցային եղանակով», որ կը պահանջէ կառավարութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ ընկերութեան կողմէ «շօշափելի յանձնառում» մը։

«Անհրաժեշտ է համապարփակ և բազմակողմ մօտեցում»

Սնունդի մսխումի դէմ պայքարիլը չափազանց կարևոր է կենսամիջոցներ վերայղելու համար ի նպաստ աղքատներուն եւ կերակրելու քաղցածները: «Անհրաժեշտ է համապարփակ և բազմակողմ մօտեցում» կը հաստատէ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնելով` որ «Անօթութեան եւ Աղքատութեան դէմ Համաշխարհային Դաշինքը կարողանայ էական ազդեցութիւն ունենալ այս խնդիրներու վրայ»

Միջազգային հիմնարկ անօթութեան վերացման համար

Սրբազան Քահանայապետը հիմնական կը նկատէ առաջարկը «սպառազինութեան յատկացուած ֆոնտերը վերայղելու դէպի միջազգային հիմնարկ մը` դիմագրաւելու համար աղքատ երկիրներուն մէջ անօթութիւնը»

Սուրբ Աթոռին աջակցութիւնը

«Միջամտութիւնները պէտք է արձագանքեն մարդոց կարիքներուն և չպարտադրուին ի վերուստ» դիտել կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապը հաւաստիացնելով Սուրբ Աթոռին յանձնառումը ի նպաստ մարդկային արժանապատւութեան խթանումին ու սատարելու հասարակաց բարիքին, որպէսզի ոչ մէկ մարդ արարած, ստեղծուած Աստուծմէ, զուրկ մնայ առօրեայ հացէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2024, 19:20