UN Climate Change Conference COP29

COP29. Ֆրանչիսկոս Պապ. այլևս ժամանակ չկայ անտարբերութեան համար. Չեղարկել աղքատ երկրներու պարտքը

Պաքուի մէջ ընթացող կլիմայի գագաթնաժողովի ընթացքին Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլինը ելոյթ ունեցաւ յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին։ Հարուստ երկրները պէտք է ճանչնան անցեալի բազմաթիւ որոշումներու ծանրութիւնը և ներեն աղքատ երկրներուն պարտքերը: «Աւելի քան մեծահոգութիւն, ասիկա արդարութեան հարց է»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 13 նոյեմբեր 2024ին Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, որ այս օրերուն Պաքու կը գտնուի մասնակցելու համար այնտեղ կայացած կլիմայական փոփոխութիւններուն նուիրուած ՔՈՓ29 վեհաժողովին, ելոյթ ունեցաւ, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին` որուն սկիզբը Նորին Սրբութեան ողջոյնները փոխանցելէ ետքը հաւաստիացուց Անոր մօտիկութիւնը ու Անոր քաջալերանքը` որպէսզի «ՔՈՓ29ն կարողանայ բացայայտել, թէ գոյութիւն ունի միջազգային հասարակութիւն մը, որ պատրաստ է նայելու մասնիկատիրութիւններէն անդին եւ կիզակէտ ընտրելու մարդկութեան բարիքն ու հասարակաց տունը, զոր Աստուած վստահեցաւ մեր հոգատարութեան ու պատասխանատուութեան»։

Արարչագործութեան պաշտպանութիւնը  ամենահրատապ հարցերէն մին

Կարդինալ Փարոլինը ապա ակնարկեց գիտական տուեալներուն որոնց հիման վրայ կարելի չէ այլ ուշացումներու դիմել, նկատել տալով` որ «արարչագործութեան պաշտպանութիւնը մեր ժամանակուայ ամենահրատապ հարցերէն մին է» ու թէ «ան անքակտելի կերպով զօդուած է խաղաղութեան պաշտպանութեան»։

Աճող անհաւասարութիւններ

Ծիրանաւորը հուսկ ակնարկեց ` որ ՔՈՓ29ն կը կայանայ մթնոլորտի մը մէջ ուր աճած է անվստահութիւնը բազմակողմանի հաստատութիւններուն նկատմամբ եւ կան եսասիրական վտանգաւոր հակումներ, նշելով որ «տնտեսական զարգացումը չի պակսեցուց անհաւասարութիւնները այլ սնուցեց եսասիրութիւն ի վնաս ամենախոցելիներու պաշտպանութեան՝ նպաստելով աւելցնել բնապահպանական խնդիրները։

Ջնջել աղքատ երկիներուն պարտքերը

Ասկէ մեկնելով Վատիկանի ներկայացուցիչը, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, հիմնական նկատեց, որ «միասնական բայց զանազանուած պատասխանատուութեան» սկզբունքը առաջնորդէ բանակցութիւնները, խթանելով ապագայի համար գործնական յանձնառում» այս ծիրէն ներս յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրելով աւելիով խոցելի երկիներուն վրայ, որոնք ունին մեծ պարտքեր եւ որոնց համար Քահանայապետը, ի տես 2025ի Յոբելենական տարուան խնդրած է «ջնջել անոնց պարտքերը», ընդգծելով` որ աշխարհի հիւսիսի և հարաւի միջև կենսոլորտային պարտքը արդարութեան եւ ոչ միայն առատաձեռնութեան խնդիր է:

Որոնել նոր միջազգային ֆինանսական ճարտարապետութիւն

«Արդարեւ, էական է որոնել նոր միջազգային ֆինանսական ճարտարապետութիւն, որ ըլլայ մարդակենտրոն, համարձակ, ստեղծագործ և հիմնուած արդարութեան, հաւասարութեան եւ զօրակցութեան սկզբունքներուն վրայ...բոլոր երկիներուն երաշխաւորելու համար համապարփակ զարգացումի գործընթացքներ» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը, որ ապա հաստատեց թէ «մենք ունինք պէտք եղած մարդկային ու արհեստագիական միջոցները` փոխելու համար ընթացքը ու հետապնդելու համապարփակ ու ներառող զարգացում»։

Ստանձնել պարտականութիւնը

«Մենք պէտք է վերագտնենք յոյսը մարդկութեան ունակութեան վրայ ՝ «միշտ տեսնելու ելքի ճամբայ մը, միշտ կարողանալու ուղղութիւնը փոխել, միշտ բան մը ընելու խնդիրները լուծելու համար»։ Մեր «յոյսն է, որ մարդկութիւնը 21-րդ դարի արշալոյսին յիշուի իր ծանր պարտականութիւնները մեծահոգաբար ստանձնած ըլլալուն համար» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետին ներկայացուցիչը։

Սուրբ Աթոռին աջակցութիւնը

Ան ապա հաւաստիացուց որ Սուրբ Աթոռը ներգրաւուած է համապարփակ բնապահպանութեան կրթութեան ու կենսոլորտի ի նպաստ զգայնութեան գործին մէջ, որպէս մարդկային ու ընկերային հարց մը, որ կը պահանջէ յստակ յանձնառում, որուն հիմքն են «պատասխանատուութիւնը, գիտելիքներու ձեռք բերումը եւ իւրաքանչիւրի մասնակցութիւնը»։

Անտարբերութիւնը մեղսակից անադարութեան

«Մենք չենք կրնար հայեացքը ուղղել այլուր» ըսաւ հուսկ Կարդինալ Փարոլինը հաստատելով որ «անտարբերութիւնը մեղսակիցն է անարդարութեան» եւ ասկէ մեկնելով կոչ ուղղեց «դիմակազերծելու ինքնաարդարացումի մեխանիզմները եւ համագործակցելու ի նպաստ յանդուգն համաձայնութեան` որ խթանէ ներառող զարգացում մը»։

«Ես ձեզի կը վստահեցնեմ իմ եւ Սրբազան Պապին աջակցութիւնը մարդկութեան արդիւնաւէտ ծառայութիւն մատուցելու համար, որպէսզի բոլորս ալ կարողանանք յանձն առնել պատասխանատուութիւնը` պաշտպանելու ոչ միայն մեր այլ բոլորի ապագան» եղան Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարի յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած ճառին եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2024, 11:07