2024.10.27 Santa Messa per la conclusione dellâ  Assemblea generale ordinaria del Sinodo dei Vescovi

Սինոդ. Եզրափակիչ փաստաթուղթը պէտք է ընդունուի որպէս Քահանայապետական Վարդապետութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սիւնհոդոսական ճանապարհի «իրականացման փուլին» ուղեկցելու գործը, վստահուած է Սինոդի գլխաւոր քարտուղարութեան Հռոմէական Քուրիայի Վերատեսչութիւններու հետ միասին եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական ուղին «պէտք ունի որ բաժնեկցուած խօսքերուն՝ ընկերանան փաստեր» կը նշէ Նորին Սրբութիւնը որ գրութիւնը կ՛աւարտէ հայցելով Սուրբ Հոգիին բարեխօսութիւնը որպէսզի «թիկունք կանգնի եւ այս ուղեւորութեան մէջ ուղղէ համայն Եկեղեցին»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատկան

Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ԺԶ ընդհանուր հաւաքի աւարտական փաստաթուղթը, որ քուէարկուեցաւ սիւնհոդոսականներու կողմէ եւ վաւերացուեցաւ Քահանայապետի կողմէ անցեալ 26 հոկտեմբերին «մաս կը կազմէ Պետրոսի յաջորդին սովորական Վարդապետութեան եւ կը խնդրեմ` որ ընդունուի որպէս այդպէս»։ Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանք է այս` զոր Ան հաստատեց վերոնշեալ փաստաթուղթի ուղեկցող իր ստորագրութիւնը կրող 24 Նոյեմբեր թուարկիր «նշումին» մէջ, որ տարածուեցաւ ապա 25 նոյեմբերին, որուն մէջ ի միջի այլոց Քահանայապետը կը վերահաստատէ որ անիկայ «խիստ կանոնական չէ» և «անոր կիրառումը պէտք ունի տարբեր միջնորդութիւններու»։

Բայց եւ այնպէս այս չի նշանակեր թէ «այժմէն իսկ Եկեղեցին չէ ներգրաւուած անոր համահունչ ընտրանքներ կատարելու»։ Արդարեւ փաստաթուղթը ինքնին «կը ներկայացնէ Հռոմի եպիսկոպոսի իսկական ուսուցումի իրականացման ձև մը, որ ունի որոշ նոր առանձնայատկութիւններ»։

Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն, առաքելութիւն

«Նշումին» մէջ Քահանայապետը կը հաստատէ թէ Սիւնհոդոսի ուղեւորութիւնը, որուն սկիզբ տուած էր ինք 2021ի հոկտեմբերին, որուն ծիրէն ներս Եկեղեցին Սուրբ Հոգիի ունկնդրութեամբ կոչուեցաւ «իր սեփական փորձառութիւնը կարդալու եւ բացայայտելու ձեռնարկուելիք քայլերը ապրելու համար հաղորդութիւնը, իրականացնելու մասնակցութիւնը եւ խթանելու Յիսուս Քրիստոսին առաքելութիւնը որ իրեն յանձնուած է» կը շարունակուի տեղական Եկեղեցիներուն մէջ, օգտուելով Աւարտական Փաստաթուղթէն։

Ուսումնասիրական տասը խումբեր

Նորին Սրբութիւնը ապա կը վերահաստատէ 26 հոկտմեբերին կատարած յայտարարութիւնը թէ «համայն Եկեղեցին ներգրաւող ընտրաքներու հասնելու համար ժամանկ պէտք է» ու թէ «ասիկա կը վերաբերի յատկապէս այն թեմաներուն, որոնք վստահուած են տասը ուսումնասիրական խումբերուն, որոնց կարող են միանալ այլ անձինք՝ հաշուի առնելով անհրաժեշտ որոշումները»: Ան ապա յղում կատարելով «Amoris laetitia» յետսիւնհոդոսական յորդորագիրին մէջ գրուածին, կրկին կ՛ընդգծէ` որ «ոչ բոլոր վարդապետական, բարոյական կամ հովուական քննարկումները պէտք է լուծուին Վարդապետեան միջամտութեամբ»։ Ինչպէս նաև որ «իւրաքանչիւր երկրի կամ տարածաշրջանի մէջ կարելի է աւելի մշակութայնացուած լուծումներ փնտռել՝ ուշադրութիւն դարձնելով տեղական աւանդոյթներուն և մարտահրաւէրներուն»։

Ասկէ մեկնելով ապա Ան կը հաստատէ` թէ իւրաքանչիւր եպիսկոպոս առ Սեամն Պետրոսի կատարած այցելութեան ընթացքին մտահոգութիւնը պիտի ունենայ նաեւ հաղորդելու տեղական Եկեղեցւոյ մէջ այդ առնչութեամբ կատարուած քայլերու, դիմագրաւած դժուարութիւններու ու բխած պտուղներու մասին տեղեկութիւններ։

Խօսքերէն գործ

Սիւնհոդոսական ճանապարհի «իրականացման փուլին» ուղեկցելու գործը, վստահուած է Սինոդի գլխաւոր քարտուղարութեան Հռոմէական Քուրիայի Վերատեսչութիւններու հետ միասին եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական ուղին «պէտք ունի որ բաժնեկցուած խօսքերուն՝ ընկերանան փաստեր» կը նշէ Նորին Սրբութիւնը որ գրութիւնը կ՛աւարտէ հայցելով Սուրբ Հոգիին բարեխօսութիւնը, որպէսզի «թիկունք կանգնի եւ այս ուղեւորութեան մէջ ուղղէ համայն Եկեղեցին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2024, 08:00