2024.11.14 Partecipanti al Convegno promosso dal Dicastero delle Cause dei Santi

Մարտիրոսներուն վկայութիւնը յոյսի ամենահամոզիչ վկայութիւնն է. Ֆրանչիսկոս Պապ

Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան կազմակերպած գիտաժողովին մասնակիցները։ Ժողովականներու շարքին էր Տիկ Ալեսսանտրա Սքոթթոն, Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի սրբադասման դատի պատմական յանձնախումբի անդամ, որ այս առիթով Սրբազան Պապին նուիրեց «Եկեղեցի եւ առաքելութիւն իրարմէ անզանազանելի են. Աղաճանեանը Քրիստոսի կրքոտ աշակերտ» խորագիրով Կարդինալ Աղաճանեանին ձօնուած իր հեղինակած գիրքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Հինգշաբթի 14 Նոյեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներուն ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան կողմէ կազմակերպուած մարտիրոսութեան ու կեանքի նուիրումի նուիրուած գիտաժողովի մասնակիցներուն։

Այս առթիւ Ան ներկաներուն ուղղեց ճառ մը, որուն մէջ ակնարկելով գիտաժողովին մէջբերեց Յովհաննէսի Աւետարանէն հետեւեալ հատուածը. «Ոչ մէկը ունի աւելի մեծ սէր քան ան` որ իր կեանքը կու տայ իր բարեկամներուն համար» եւ ասկէ մեկնելով նշեց, թէ Քրիստոսին խաչը խորհրդանիշն է Աստուծոյ անսահման սիրոյն ու անոր ողորմութեան, ընդգծելով` որ սրբութիւնը յառաջ չի գար միայն անձնական ջանքերէն այլ փոխակերպումի միջոցաւ զոր Աստուծոյ սէրը կը գործէ մեր մէջ։

Խօսելով մարտիրոսութեան մասին Սրբազան Պապը նշեց, թէ այդ պարագային հարկը չկայ հրաշքին։ Մարտիրոսութիւնը բաւարար է։ «Այսպէսով պիտի խնայենք ժամանակ, թուղթեր ու դրամ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը կատակով

Կեանքին ի գին վկայել Քրիստոսին սէրը

Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա թէ Եկեղեցին վաղուց մեծարած է մարտիրոսները, որոնց իրենց կեանքին ի գին վկայեցին Քրիստոսին սէրը եւ այս առնչութեամբ ակնարկեց մարտիրոսութեան երեք հիմնական տարրերուն. բռնի և վաղաժամ մահ՝ չուրանալու համար հաւատքը, հալածողի ատելութիւնը և զոհի գթութեան ու հեզութեան վերաբերմունքը։

Այսօր ալ կան բազմաթիւ նահատակներ

«Նահատակին մէջ կը գտնենք կատարեալ աշակերտի յատկանիշները, որ ընդօրինակեց Քրիստոսը՝ ուրանալով ինքզինք և վերցնելով իր խաչը և իր անոր գթութեամբ վերափոխուած՝ բոլորին ցոյց տուաւ Քրիստոսի Խաչին փրկարար զօրութիւնը» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, թէ այսօր եւս աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ կան բազմաթիւ նահատակներ, որոնք իրենց կեանքը կու տան Քրիստոսին համար։

«Արդարեւ շատ մը պարագաներուն քրիստոնեան կը հալածուի, որովհետեւ մղուած Աստուծոյ վրայ ունեցած իր հաւատքէն, կը պաշտպանէ արդարութիւնը, ճշմարտութիւնը, խաղաղութիւնը, մարդոց արժանապատուութիւնը» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը յղում կատարելով Պիոս ԺԲ Քահանայապետի խօսքերուն հայող Նահատակութիւնը ճանչնալու համար թելադրանքներու կուտակման կարևորութեան։

Մարտիրոսներուն վկայութիւնը յոյսի ամենահամոզիչ վկայութիւնն է

Սրբազան Պապը հուսկ ակնարկեց Յոբելենական տարւոյն կոնդակին որուն մէջ ինք մարտիրոսներուն վկայութիւնը յոյսի ամենահամոզիչ վկայութիւնը սահմանած էր ու թէ ի տես Սուրբ տարուան ինք հաստատած է «Նոր մարտիրոսներու , Հաւատքի վկաներու» յանձնախումբ մը, հաւաքելու համար վկայութիւններն անոնց որոնց նաեւ այլ քրիստոնեայ դաւանանքներու պատկան, իրենց կեանքը նուիրեցին չի դաւաճանելու համար Տէրը։ Ակնարկելով հուսկ “Maiorem hac dilectionem” իր ինքնագիր նամակին Սրբազան Պապը կարևոր համարեց կապել կեանքի նուիրումը վաղաժամ մահուան և յետմահու սրբութեան համբաւին:

«Այն ինչ որ կ՛առանձնացնէ Կեանքի նահատակութենէն, հալածողի կերպարին բացակայութիւնն է, այց կ՛ ընդգծուի արտաքին պայման մը, որ կը տանի դէպի մահ։ Նոյնիսկ այս տեսակի սրբութեան արտասովոր վկայութեան մէջ կը փայլի քրիստոնէական կեանքի գեղեցկութիւնը, որը գիտէ ինքզինք նուիրել առանց չափի, ինչպէս Յիսուսը խաչի վրայ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը քաջալերելով ներկաները գորովով շարունակելու իրենց աշխատանքը ապա զանոնք յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամին, օրհնեց ու խնդրեց, որ չմոռնան իրեն համար աղօթել։

Քահանայապետին նուիրուած գիրքը
Քահանայապետին նուիրուած գիրքը

Յայտնենք` որ ժողովականներու շարքին էր Տիկ Ալեսսանտրա Սքոթթոն, Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի սրբադասման դատի պատմական յանձնախումբի անդամ, որ այս առիթով Սրբազան Պապին նուիրեց «Եկեղեցի եւ առաքելութիւն իրարմէ անզանազանելի են. Աղաճանեանը Քրիստոսի կրքոտ աշակերտ» խորագիրով Կարդինալ Աղաճանեանին ձօնուած իր հեղինակած գիրքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2024, 10:52