Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Թոլետo Նորընծայարանի հասարակութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Թոլետo Նորընծայարանի հասարակութիւնը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Թոլետo Նորընծայարանի հասարակութիւնը` կողմնորոշուած մնացէք դէպի Յիսուս

Ակնարկելով "Reservado" տօնակատարութեան, որ կը յիշատակէ Սուրբ Սուրբ Հաղորդութեան առաջին պահպանումը տապանակին մէջ, Քահանայապետը շեշտը դրաւ Քահանայութեան հիմնական պահերու վրայ` Սուրբ պատարագը որ հանդիպում է Յիսուսին հետ ու անոր սիրոյն արտայայտութիւն, ապա Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնը, որ հրաւէր է աղօթքի եւ լռութեան ունկնդրելու համար Աստուծոյ ձայնը հուսկ թափորը որ կ՛ընդգծէ Քրիստոսը ժողովուրդին տանելու պարտականութիւնը, միասին քալելով յոյսին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի` 7 նոյեմբեր 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շարս պաշտօնական հանդիպումներուն առաքելական պալատէն ներս ընդունեց Թոլետo Նորընծայարանի հասարակութիւնը եւ այս առիթով արտասանած խօսքին մէջ իր ուրախութիւնը յայտնեց անոնց հետ հանդիպելուն համար «նորընծաներու նոր խումբի մը հետ, որ Սպանիայի «եղբայրութիւններու» նման թափորով եկած է մինչեւ մայր Եկեղեցի, այստեղ կատարելու ապաշխարութիւն»։

Սրբազան Պապը այս նմանութիւնը առաջարկեց, որովհետեւ «միշտ օգտակար է Աստուծոյ Ժողովուրդը դիտել իր հոգեւորականութեան մէջ, որ պարզ հոգեւորականութիւն է» ըսաւ Ան, եւ նշեց թէ «քահանաները միշտ պէտք է մօտիկ ըլլան, ու պէտք է խթանեն մօտիկութիւնը... նախ եւ առաջ Աստուծոյ հետ մօտիկութիւնը, ապա փոխադարձ մօտիկութիւնը Եպիսկոպոսներուն հետ, եւ երրորդ մօտիկութիւն քահանաներու միջեւ, որ սկիզբ կ՛առնէ նորընծայարանին մէջ ապա մօտիկութիւն Աստուծոյ հաւատաւոր ժողովուրդին։ «Ասոնք չորս մօտիկութիւններ են զոր պէտք չէք մոռնալ» ըսաւ Քահանայապետը։

Ան ապա ակնարկեց "Reservado" տօնակատարութեան, որ կը յիշատակէ Սուրբ  Հաղորդութեան առաջին պահպանումը Տապանակին մէջ, եւ ասկէ մեկնելով շեշտը դրաւ Քահանայութեան հիմնական պահերու վրայ` Սուրբ պատարագը, որ հանդիպում է Յիսուսին հետ ու անոր սիրոյն արտայայտութիւն, ապա Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնը, որ հրաւէր է աղօթքի եւ լռութեան ունկնդրելու համար Աստուծոյ ձայնը հուսկ թափորը` որ կ՛ընդգծէ Քրիստոսը ժողովուրդին տանելու պարտականութիւնը, միասին քալելով յոյսին մէջ։

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը քաջալերեց նորընծաները այս պահերը ապրելու` որպէս առիթ հոգեւոր ու քահանայական աճումի միշտ կողմնորոշուած մնալով դէպի Յիսուս, սորվելով քալել միասին Անոր հետ վերջնական հանդիպումի յոյսով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2024, 11:19