2024.11.05 Pontificia Universita' Gregoriana - Incontro con la Comunita' Accademica

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարան. Յոյս տալ հրկիզուող աշխարհի մը

Համալսարանները արդարեւ, ու յատկապէս անոնք` որոնք քրիստոնէական բնոյթ ունին, պէտք է հակազդեն այս միտումին և փորձեն սնուցել այնպիսի միջավայր, որ կը գնահատէ ստեղծագործութիւնը, մարդասիրութիւնը և հոգևորութիւնը, եղաւ Քահանայապետին թելադրանքներէն մին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի` 5 նոյեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը այցելութիւն տուաւ Գրիգորեան Քահանայապետական Համալսարանին ` համալսարանի «Dies Academicus – Ակադեմիական Օրուան» առիթով հանդիպում ունենալով Համալսարանի ակադեմիական հասարակութեան հետ ու ներկայացնելով «վարդապետական դասախօսութիւն մը» մինչ աւարտին մրցանակներ շնորհեց մի քանի ուսանողներու հուսկ առանձնական հանդիպում ունեցաւ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ։

Քահանայապետին երկարաշունչ դասախօսութիւնը

«Նուազ աթոռներ, աւելի շատ սեղաններ՝ առանց նուիրապետութիւններու»: «Զինաթափուած» խօսքեր, հայեացքներ և մտքեր. «Կենդանի» վարդապետութիւն և ոչ թէ «բանտարկուած թանգարանի մէջ» և ուսմունք, որ «ողորմածութեան արարք» է և ոչ թէ «վերէն վար» կատարուած բան մը, որ գիտակից է նաեւ արհեստական բանականութեան ներկայացուցած վտանգներուն: Ապա «Յոյսի աստուածաբանութիւն», մինչ «աշխարհը կրակի մէջ է» և «պատերազմի խելագարութիւնը կը ծածկէ բոլոր յոյսերը մահուան ստուերով»: Այո տեսլականին, գիտակցութեան, բանաստեղծութեան, երևակայութեան և, ամենէն առաջ, ծիծաղին. Հուսկ բացարձակ ոչ գաղափարախօսութիւններուն...ոչ նաեւ «հոգևոր քոքա-քոլային» և «Հետազօտութիւններու և ուսուցման քոքա-քոլացումին»: Գաղափարներն են ասոնք զոր Ֆրանչիսկոս Պապը արտայայտեց Իր ներկայացուած երկարաշունչ դասախօսութեան մէջ Յիսուսեան Միաբանութեան Մեծաւոր` Հայր Արթուրօ Սոզայի եւ համալսարանի Ռեկտոր` Հայր Մարք Լեվիսը ողջոյնի խօսքերէն ետքը։

Երեք համալսարաններու միացում

Ան շեշտը դրաւ վերջերս իր կարգադրութեամբ ստեղծուած «Collegium Maximum» համալսարանին, որ միացուց երեք համալսարաններ` Գրիգորեան Քահանայապետական համալսարանը, Աստուածաշունչի Քահանայապետական ինստիտուտը և Արևելեան Քահանայապետական ինստիտուտը, դիտել տալով, թէ այս միացումը «սոսկ վարչական վերակազմակերպում մը չէ, այլ առաքելութեան վերամշակում, զոր Հռոմի եպիսկոպոսները վստահած են Յիսուսի Ընկերութեան», այսինքն Յիսուսեաններուն եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց հարց տալու, թէ «դէպի ու՞ր կ՛ընթանանք եւ ի՞նչու», միշտ ի միտ ունենալով Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը ու թոյլ չտալով, որ Յիսուսեան Միաբանութեան խարիզմը մոլորի։

Յստակ տեսութիւն ու խոր կրօնականութիւն

Քահանայապետը շեշտը դրաւ նաեւ կազմաւորման ոլորտի մէջ յստակ տեսութիւն մը ունենալու ու խոր կրօնականութեան մը հարկաւորութեան վրայ, աշխարհի մը մէջ որ յաճախ կը թուայ մղուած ըլլալ դէպի արդիւնաւէտութիւն և արտադրողականութիւն՝ ի վնաս մարդկային և հոգևոր որակի, «էական է կրկնել կրթութեան կարևորութիւնը, որ չի սահմանափակուիր գիտելիքի փոխանցմամբ, այլ կը ձևաւորէ սիրտն ու միտքը» եւ այս մէկը «հրամայական է աւելի արդար և առատաձեռն հասարակութիւն մը կառուցելու համար» ըսաւ Ան:

Սուրբ  Ֆրանչեսքօ Սավերիոյի տիպարը

Յղում կատարելով հուսկ Սուրբ Ֆրանչեսքօ Սավերիոյի տիպարին եւ անոր դաստիարակչական առաքելութեան կիրքին, Քահանայապետը զայն նկատեց հրաւէր մեզի բոլորիս «յիշելու համար թէ եղբայրներուն նկատմամբ սէրը ու Տիրոջ կոչին հետեւելու տրամադրութիւնը պէտք է ըլլան կրթական համակարգին կեդրոնը» եւ այս կը նշանակէ քաջութիւն ունենալ դիմագրաւելու ժամանակակից բարոյական ու հոգեւոր մարտահրաւէրները ջանալով միշտ երկխօսութիւն հաստատել տարբեր մշակոյթներու ու աւանդութիւններու հետ։

Ճանչնալ իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութիւնը և աշխատիլ սրտով

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա գիտութիւններու «քոքաքոլացումի» երեւոյթի մասին, որ կ՛ընդգծէ գիտելիքի նկատմամբ մակերեսային մօտեցման վտանգը, ուր հետազօտութիւնը կը դառնայ նախապէս պատրաստուած բանաձևերու ուղղակի կրկնութիւն։

Համալսարանները արդարեւ, ու յատկապէս անոնք` որոնք քրիստոնէական բնոյթ ունին, պէտք է հակազդեն այս միտումին և փորձեն սնուցել այնպիսի միջավայր, որ կը գնահատէ ստեղծագործութիւնը, մարդասիրութիւնը և հոգևորութիւնը, եղաւ Քահանայապետին թելադրանքը որ խօսեցաւ նաեւ կազմաւորումի ու փոխյարաբերութիւններու մէջ ձրիութեան կարեւորութեան մասին, զայն համարելով զօրեղ պատգամ մը։

«Ճանչնալ իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութիւնը և աշխատիլ սրտով և ոչ թէ եսասիրութեամբ, էական նշանակութիւն ունի իսկական ակադեմիական համայնք ստեղծելու գործին մէջ:

Պարգեւը` ձրիութիւնը

«Պարգեւի» չափն այն է, ինչը կարող է իսկապէս փոխակերպել մարդկային և ակադեմիական յարաբերութիւնները՝ զանոնք դարձնելով աւելի իմաստալից» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը որ ճառի աւարտին ընդգծեց «մտորումներու և զատորոշումի հրատապութիւնը` կրթական առաքելութեան ճանապարհին մէջ, հրաւիրելով բոլորը իրենց աչքերուն առջեւէն չի վերցնելու իրենց աշխատանքի էութիւնը` Աւետարանի և Իգնատիոսեան խարիզմի լոյսին ներքոյ։

Անոր վերջին խրատը եղաւ կոչ մը` վառ պահելու հաւատքի և բանականութեան, աւանդոյթի և նորարարութեան միջև երկխօսութիւնը՝ գիտակցելով, որ ճշմարիտ գիտելիքը միշտ պէտք է հանգեցնէ աւելի մեծ սիրոյ` Աստուծոյ և ուրիշներու նկատմամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2024, 12:04