2024.02.21 Santuario Lourdes

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Ֆրանսայի եպիսկոպոսներուն

Նորին Սրբութիւնը Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ պատգամ մը յղած է Ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն` որոնք իրենց տարեկան լիագումար հաւաքը գումարած են Լուրտի մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի` 5 նոյեմբեր 2024ին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, քաջալերական պատգամ մը յղեց Լուրտի մէջ իրենց  տարեկան լիանիստ ժողովը գումարած Ֆրանսայի եպիսկոպոսական դասի անդամներուն, որուն մէջ շեշտեց Ֆրանսայի ու Ափրիկէի մէջ եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը, հրաւիրելով աւելի մեծ զօրակցութիւն ցուցաբերել  քրիստոնէական համայնքներու միջեւ ի տես նաեւ ներկայ մարտահրաւէրներուն, ինչպիսիք են ժլատութիւնն ու անտարբերութիւնը։

Ապագայի մղուած նիւթեր

Սրբազան Պապը խնդակցութիւն արտայայտեց` որ ժողովի ընթացքին քննարկուելիք նիւթերը, ինչպէս աւետարանումը եւ թեմերու վերակազմակերպումը,  մղուած են ապագայի, հրաւիրելով եպիսկոպոսները անսասան յոյս դրսեւորելու։ 

Փարիզի Նոթր Տամ Եկեղեցւոյ վերաբացումը յոյսի խորհրդանիշ

Ան ապա ակնարկեց Փարիզի Նոթր Տամ  Աթոռանիստ եկեղեցւոյ վերաբացումին զայն նկատելով յոյսի խորհրդանիշ Ֆրանսայի Եկեղեցւոյ, քաջալերելով  փրկութեան աւետիսը կիսել ուրախութեամբ։ 

Կառուցել աւելի արդար ու եղբայրական աշխարհ

Սրբազան Պապը ակնարկեց նաեւ Յիսուսի Սուրբ Սրտին իր նուիրած "Dilexit nos" յորդորագիր նամակին, որ կը յիշեցնէ Քրիստոսի սէրը վերագտնելու կարեւորութիւնը, որպէս ապագայի բանալի, եւ ի վերջոյ իր օրհնութիւնները շնորհեց դասի անդամներուն ու անոնց համագործակիցներուն ինչպէս նաեւ բոլոր հաւատացեալներուն խրախուսելով`  խորացնել հաւատքը ու կառուցեն աւելի արդար ու եղբայրական աշխարհ մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2024, 12:15