SPAIN-FLOOD

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Սպանիայի մէջ հեղեղումներուն ի տես. «Ձեզի համար կ՛աղօթեմ»

Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղած է Սպանիայի Վալենսիա քաղաքի բնակիչներուն որոնց այս օրերուն թիրախ դարձան ջրհեղեղի որ պատճառեց սարսափելի աւերներ ու մեռեալներ միշտ շատ մը անձերու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Մօտիկութիւն եւ աղօթք» այս է այն ինչ որ կը վստահեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապը Վալենսիայի բնակիչներուն «այս աղէտալի պահի ընթացքին»։ Նորին Սրբութիւնը լսատեսողական պատգամով մը, ուղղուած Վալլալոյտի Արքեպիսկոպոս եւ Սպանիայի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ` Գերապ. Լուիս Խավիէ Արկելլօ Կարսիային, մօտիկութեան զգացումներ կ՛արտայայտէ Վալենսիայի ժողովուրդին, անոնց շնորհելով իր օրհնութիւնը։

Վերջին օրերուն Վալենսիա քաղաքը թիրախ դարձաւ ահաւոր ջրհեղեղի, որ պատճառեց աւելի քան 150 մեռեալ, մինչ շատ մը անձերու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ եւ կան աւելի քան 1200 տեղահաններ։

Վալենսիայի այս աղէտը նկատուած է քաղաքի պատմութեան ամենասարսափելի աղէտներէն մին է, ուր ութը ժամուայ ընթացքին տեղաց գրեթէ մէկ տարուայ ընթացքին տեղացած անձրեւը, որուն պատճառաւ քաղաքի գետնախողովակագծերը բաւարար չեղան այդ ջուրերու հոսքը ապահովելու։

Սպանիայի Թագաւոր Ֆելիփէ Դ կոչ ուղղելով սպանացիներուն խնդրեց` որ միացած մնան ու միասին դիմագրաւեն այս պատուհասը։

Վալենսիայի եպիսկոպոս` Գերապ. Էնրիք Պենավէն Վիտալը իր կարգին ապահովեց Եկեղեցւոյ աջակցութիւնն ու մօտիկութիւնը` տառապող անձերուն, նշելով, որ քաղաքի ժողովրդապետութիւններուն դռները բաց են ու արդեն Քարիթասի հետ միասին կը գործեն սփոփելու ու թիկունք կանգնելու անոնց` որոնք կորսնցուցին ամէն ինչ. «Այս կացութիւնը թող մեզի օգնէ աւելիով դառնալու եղբայրներ եւ քոյրեր, հակառակ ամէն բանի, ու ապրելու յոյսով վստահելով Աստուծոյ» եղաւ Վալեսնիայի եպիսկոպոսին կոչը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2024, 08:00