Ֆրանչիսկոս Պապ. Աւետում, հիւրընկալութիւն եւ խաղաղութեան խթանում
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 11 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ «Աօսթա» թեմին եւ Մեծն Սուրբ Պերնարտօ կանոնականներուն համաժողովէն կազմուած պատուիրակութիւններ, լեռնագնացներուն, ճանապարհորդներուն եւ Ալփի քաղաքի բնակիչներուն պաշտպան սուրբ, Սուրբ Պերնարտօ Տ՛Աօսթայի Սուրբ հռչակուելու հարիւր ամեակի նուիրուած յոբելինական սուրբ տարուան աւարտին։
Արտասանած ճառին մէջ ողջունելէ ետք հանդիպումի ներկայ գտնուող Աօսթայի եպիսկոպոսը, քաղաքական եւ կրօնական իշխանութեան ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալները, Ֆրանչիսկոս Պապ իր խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Պերնարտոյին աշխատանքին երեք հիմնական ուղութիններուն վրայ՝ աւետում, ընդունելութիւն եւ խաղաղութեան խթանում։
Աւետում
Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, որ Աօսթային աւագերեց սարկաւագ, Պերնարտոն սիրահար քարոզիչ մըն էր ու կարողութիւնը ունէր կարծրացած սիրտերը միացնելու հաւատքին։ Սուրբ Պերնարտօն իր կեանքը նուիրեց այդ առաքելութեան մինչեւ որ քարոզելու ժամանակ մահացաւ»։
Հիւրընկալութիւն
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Սուրբ Պերնարտոն յատկանշուած էր բարեգործութեամբ Ալփի քաղաքէն անցած ուխտաւորներուն եւ ճամբորդողներուն նկատմամբ։ Ան հիմնած է աղքատներու նուիրուած երկու կեդրոններ ու կազմակերպած է կանոնականներուն հասարակութիւն մը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ օգնել կարիքաւորներուն», ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով, որ ընդունելութիւնը հիմնարար արժէք է ու պէտք է հոգ տանիլ օգնութեան կարիքը ունեցող անձերուն, առանց խտրութիւն կատարելով։
Խաղաղութեան խթանում
Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց Սուրբ Պերնարտոյին որպէս խաղաղարարի յանձնարարութիւնը, յիշեցնելով սուրբէն դէպք մը, որ օր մը հիւանդ ըլլալով հանդերձ ձեռնարկած էր վտանգաւոր ճամբորդութեան, Էնրիքօ Դ կայսրը համոզելու համար, որ չպատերազմի Պապին հետ։ «Նոյնիսկ եթէ անոր քաջարի փորձը ձախողեցաւ, Անոր վճռականութիւնը խիզախութեան եւ խաղաղութեան հաստատման օրինակ եղաւ»։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց քաջալերելով ներկաները քալելու Սուրբ Պերնարտոյի գեղեցիկ ուղիներու վրայէն՝ լեռներու ընդմէջէն յատուկէն սիրտերու մէջ ապա տալով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ