Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց բոլոր անոնք որոնք կը տառապին պատերազմի եւ հալածանքի «դառն պտուղներէն»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 30 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց, Հռոմ ուխտագնացութեամբ ժամանած «Hidden Christian Research Association» ընկերակցութեան ճափոնցի խումբ մը ուխտաւորները՝ 2018 թուականին, Նակազաքիի մէջ՝ Քրիստոնէական վայրերը համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ գրանցուելու կապակցութեամբ։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց Նակազաքիի մէջ գտնուող Քրիստոնէական վայրերու հոգեւոր արժէքը եւ Ճափոնի ժողովուրդի ազնուականութիւնը, մաղթելով որ համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ճանաչումը նպաստէ այդ քրիստոնէական վայրերուն պահպանման եւ Ճափոնի քրիստոնեաներուն հաւատքի յիշատակին, աւելցնելով, որ յառաջիկայ 7 հոկտեմբերին, ուրախութիւնը պիտի ունենայ ստեղծելու եօթը Ճափոնցի կարդինալներ։
Ճափոնցի ուխտաւորներուն հետ տեղի ունեցած յիշեալ հանդիպումը համընկնելով Սուրբ Ֆրանչիսկոս Սավերիոյի տօնին նախօրէին, որ կը խորհրդանշէ կապը աւետարանումի առաքելութեան հետ, Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց խոկալու այսօր հալածուած քրիստոնեայ մարտիրոսներու մասին, յորդորելով աղօթել այդ մարտիրոսներուն եւ աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը եւ խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ