Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Երկխօսութեամբ եւ միջնորդութեամբ լուծել հակամարտութիւնները

Արժանթինի եւ Չիլէյի միջեւ խաղաղութեան եւ բարեկամութեան պայմանագիրի 40 ամեակի կապակցութեամբ յղած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ մտածելու երկխօսութեան եւ միջնորդութեան արժէքներուն մասին՝ հակամարտութիւններուն կարգաւորումին գործին մէջ ոչ միայն երկկողմ մակարդակով այլ նաեւ միջազգային յարաբերութիւններուն աւելի լայն շրջանակէն ներս։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 25 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը ուղղեց Արժանթինի եւ Չիլէյի միջեւ խաղաղութեան եւ բարեկամութեան պայմանագիրի 40 ամեակի կապակցութեամբ։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր կը գնահատէ եւ կը յիշէ վերոյիշեալ պայմանագիրը ընդգծելով, 40 տարի առաջ կնքուած Արժանթինի եւ Չիլէի միջեւ պայմանագիրի կարեւորութիւնը նշելով, որ այդ պայմանագիրը վերջ դրաւ տարածաշրջանային պատերազմը ու ներկայացուց երկխօսութեան եւ միջնորդութեան օրինակ մը, որ կարող է լուծել կործանարար վէճերը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ չյիշեր միայն երկու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան ձեռքբերումը, այլ նաեւ կը յիշէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի վճռորոշ դերը որպէս միջնորդ։ Նորին Սրբութիւնը կ՝ընդգծէ բանակցային գործընթացին մէջ երկու կողմերու միջեւ բարի կամքի եւ աղօթքի կարեւորութիւնը ու կը կրկնէ այն միտքը որ խաղաղութիւնն ու բարեկամութիւնը հիմնարար են միջազգային յարաբերութիւններուն համար ու այն գաղափարը որ վէճերու խաղաղ լուծումը պէտք է տիպար դառնայ ժամանակակից աշխարհին մէջ հակամարտութիւնները լուծելու։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ խորհելու անարդարութեան, բռնութեան եւ բնապահպանական ճգնաժամին շրջանակներէն ներս բարեկամութեան արժէքին մասին, ընդգծելով կամուրջներ կառուցելու հրատապութիւնը եւ ոչ թէ խոչընդոտներ։ Նորին Սրբութիւնը ապա շնորհակալութիւն կը յայտնէ իշխանութիւններուն, միջնորդներուն, ներգրաւուած ժողովուրդներուն, խաղաղ ճանապարհ ընտրելու կատարած աշխատանքին համար կոչ ընելով շարունակելու այդ ճանապարհը նաեւ ներկայ համաշխարհային մարտահրաւէրները դիմակայելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը կ՝աւարտէ փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնը բոլոր ազգերուն ու հրաւիրելով հետեւելու եղբայրութեան եւ համագործակցութեան ճանապարհին, ինչպէս նաեւ ընդգծելով շարունակական երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ առկայ համաշխարհային հակամարտութիւններու կարգաւորման համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2024, 10:18