Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Աղքատներուն, խոցելիներուն մէջ տեսնենք Քրիստոսի դէմքը

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Iglesias Hospital de Campaña» անուան կազմակերպութեան անդամները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 4 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Iglesias Hospital de Campaña» անուան կազմակերպութեան անդամները ու այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ հրաւիրեց ներկաները մտածելու աղքատներուն, խոցելիներուն իրենց մատուցած ծառայութեան մասին, ընդգծելով երեք հիմնարար երեւոյթներ՝ Հռչակել Քրիստոսը, վերականգնել ընկերային անհաւասարութիւնները եւ յոյս սերմանել։

Հռչակել Քրիստոսը

Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսեց ընդունիլ խոցելիները՝ ճանչնալով անոնց մէջ Քրիստոսի դէմքը, որ աղքատացաւ մարդկութեան համար։

Վերականգնել ընկերային անհաւասարութիւնները

Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, որ առաքելութիւնը պէտք է դատապարտէ հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ անհաւասարութիւնները հաստատելով, որ անոնք Աստուծոյ կողմէ ուզուած չեն ու պէտք է, որ սրբագրուին, կարեւորելով արդարութեան արժէքը։

Մշակել յոյսը

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ իւրաքանչիւր անտեսուած անձ՝ ըլլայ ան գաղթական կամ պատերազմի զոհ, պէտք է որ ստանայ յոյսի պատգամ մը, որովհետեւ Քրիստոնէական յոյսը հիմնուած է Աստուծոյ վրայ եւ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները։

«Ամէն անգամ որ հնարաւորութիւնը ունենանք իրենց մօտենալու ու իրենց օգնելու, մեզի համար Քրիստոսի մարմինը դպչելու առիթ կը հանդիսանայ, որովհետեւ Աւետարանը տարածելը վերացական չէ, որ կը վերածուի վարդապետութեան, այլ կ՝իրականանայ այնտեղ՝ կարիքաւորներուն հանդէպ քրիստոնէական յանձնառումին մէջ. հոն է որ կայ ճշմարիտ աւետարանումը», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ան պատգամը եզրափակեց դիտել տալով, որ խոցելիներուն, աղքատներուն հոգ տանիլը եւ ամէն բարեսիրական գործունէութիւն հնարաւորութիւն է Քրիստոսին հանդիպելու համար։

Նորին Սրբութիւն ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն քրիստոնէական կեանքի տուած վկայութեան համար ու հրաւիրեց շարունակելու տարածել յոյս եւ սէր։ Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց ինչպէս միշտ, որ չմոռնան աղօթելու համար։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2024, 09:42