2024.11.15 CEI - ASSEMBLEA SINODALE

Ֆրանչիսկոս Պապ. Շարունակեցէք Խօսքին սերմը նետել հողին մէջ, որպէսզի պտուղ տայ

Պատգամ Իտալիոյ եկեղեցիներուն առաջին սինոդական ժողովի մասնակիցներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հռոմի Սուրբ Պօղոս առաքեալին նուիրուած տաճարին մէջ 15էն 17 նոյեմբերին, կը գումարուի Իտալիոյ մէջ եկեղեցիներուն առաջին սինոդական ժողովը։

Այս առթիւ ժողովին մասնակիցներուն յղած ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ «San Paolo fuori le mura» տաճարէն ներս գումարուած ժողովը Իտալիոյ մէջ եկեղեցիներուն առաջի սինոդական ժողովն է ու այդ ժողովը առաջին իրադարձութիւնն է, որ կը նշանաւորէ սինոդական ուղիին մարգարէական փուլը։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ որ այս օրերուն ընթացքին Իտալիոյ հոգեւոր հովիւները պիտի քննարկեն այն ուղեցոյցները որոնք առաջացած են սինոդի նուիրուած եռամեայ ճամբորդութենէն, ընդգծելով «Միասին քալելու, բաց եւ ներառական եկեղեցին ըլլալու կարեւորութիւնը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ կարեւոր նկատեց վառ պահել Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը, որ կ՝առաջնորդէ ընտրութիւնները եւ կը խթանէ աւետարանումի առաքելութիւնը։

«Մի վախնաք բարձրացնել առագաստները դէպի Հոգիին հովին։ Չմոռնանք որ ճիշդ այս տաճարին մէջ, 25 յունուար 1959ին, Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ յայտարարեց Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովը եւ աւելի ուշ բացատրեց, որ «Այժմ սա կը պահանջէ Աւետարանի աստուածային յարատեւ ուժ ներմուծել մարդկային համայնքին մէջ» նշեց Սրբազան հայրը հրաւիրելով այսօր եւս տարածելու այդ բարի լուրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց հոգեւոր հովիւները առաջնորդելու հասարակութիւնները պատասխանատուութեամբ եւ սիրով, հետեւելով եկեղեցական նախորդ ժողովներուն օրինակներուն։

«Եկեղեցին պէտք է կարեկցանքով նայի հասարակութեան ընդունելով առկայ մարտահրաւէրը եւ յաղթահարելով բացասական կեցուածքները։ Ժամանակն է ցանելու Խօսքի սերմը՝ քաղելու համար անոր պտուղները, խթանելով հաղորդութիւն, մասնակցութիւն եւ առաքելութիւնը» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2024, 16:30