Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Գրադարանները թող խաղաղութեան վայրեր ըլլան եւ հանդիպումի ովասիս

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Վատիկանի առաքելական գրադարանի կողմէ կազմակերպուած «Գրադարանները երկխօսութեան մէջ» նիւթով համագումարի մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 16 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վատիկանի Առաքելական գրադարանի կողմէ կազմակերպուած «Գրադարանները երկխօսութեան մէջ» նիւթով համագումարի մասնակիցները։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր ուրախութիւնը յայտնեց այս հանդիպումին համար «որ կ՝արտայայտէ Վատիկանի գրադարանի բացութիւնը աշխարհին առջեւ» ընդգծելով գրադարաններու եւ համաշխարհային կրթական հաստատութիւններու միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա երախտագիտութեամբ ողջունեց 23 յայտնի գրադարաններու ղեկավարները, բարերարներն ու ներկայացուցիչները, ընդգծելով համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ մշակութային եւ կրթական ժառանգութեան հարստացումին համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Պիոս ԺԱ Քահանայապետը՝ անուանուած որպէս «Գրադարանի Պապը» որ քաղաքական եւ մշակութային դժուար ժամանակաշրջանին նպաստեց գրադարաններու կարեւորութեան՝ տրամադրելով նոր տարածքներ ու զարգացուց ցուցակագրման ու գրադարանի պատասխանատուներուն կազմաւորման աշխատանքները։

«Այս պատմական օրինակները կը ծառայեն անդրադառնալու մեր ներկայ պարտականութեան մասին՝ յաղթահարելու համար ժամանակակից ընկերային, մշակութային մարտահրաւէրները, որոնք շեշտուած են նոր արհեսագիտութիւններուն ստեղծումով։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց նաեւ այս փոխակերպումներու հետ կապուած վտանգները, ինչպէս տուեալներուն որակը, մշակութային հարստութիւններուն սահմանափակ հասանելիութիւնը՝ առաւել խոցելի երկիրներուն մէջ։

Նորին Սրբութիւնը զգուշացուց պատերազմներուն եւ հակամարտութիւններու վտանգին մասին, որոնք վտանգի կ՝ենթարկեն կրթութիւնն ու մշակոյթը, խնդրելով շօշափելի յանձնառութիւն՝ խթանելու համար մշակոյթի խնամքը՝ որպէս պատասխան բռնութեան եւ անհանդուրժողականութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա առաջարկեց «Evangelii gaudium», առաքելական յորդորագիրէն չորս չափանիշեր.

Առաջին՝ ժամանակը տարածութեան վրայ՝ խրախուսելու համար մտածութիւնը եւ խոր մարդասիրական զարգացումը, երկրորդ՝ պատերազմի շուրջ՝ միասնութիւնը, քաջալերելով բաց եւ կառուցողական բանավէճ, Երրորդ՝ իրականութիւնը գաղափարէն վեր , յարգելով փորձառութիւններուն շօշափելիութիւնը, չորրորդ՝ ամէն ինչ մասէն վեր , ներդաշնակելով տեղական եւ համապարփակ ուժականութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց քաջալերելով գրադարանապետները չվախնալու այսօրուայ աշխարհի բարդութենէն ու աշխատիլ դառնալու համար իմաստուն դպիրներ, որոնք կարող են նոր գիտելիներ եւ հարստութիւններ առաջարկել՝ բոլորին բարօրութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2024, 09:46