Սերպիոյ մէջ Նովի Սատ երկաթուղիի կայարանին մէջ արկած Սերպիոյ մէջ Նովի Սատ երկաթուղիի կայարանին մէջ արկած  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթէ Սերպիոյ մէջ երկաթուղիի կայարանէն ներս արկածի հետեւանքով զոհերուն համար

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթէ Սերպիոյ մէջ երկաթուղիի կայարանէն ներս տեղի ունեցած արկածի զոհերուն համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 6 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիր մը յղեց Սերպիոյ նախագահ, Տիար Ալեքսանտր Վուչիչին, Սերպիոյ մէջ երկաթուղիի կայարանին մէջ տեղի ունեցած արկածի կապակցութեամբ։

Ցաւակցական գիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր խոր կարեկցանքը յայտնեց Սերպիոյ նախագահին եւ բնակչութեան, Նովի Տատի երկաթուղիի կայարանէն ներս վերջերս տեղի ունեցած արկածէն ետք։

«Ազգի համար այս ծանր պահուն, կ՝աղօթեմ՝ յատկապէս զոհուածներուն համար, սուգի մէջ գտնուող անոնց հարազատներուն համար, ինչպէս նաեւ վիրաւորուածներու համար։

«Բոլոր անոնք որոնք տուժած են այս ողբերգութենէն Ամենակարող Աստուծոյ մխիթարութեան, խաղաղութեան եւ բժշկութեան օրհնութիւնները կը հայցեմ» գրած է Սրբազան Հայրը իր ցաւակցական գիրին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2024, 13:04