Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Մի՛ կորսնցնէք զուարթամտութեան զգացումը

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սպանիոյ «Թալավերա Տէ Լա Ռէյնա» շրջանի Ակոսթինեաներուն վանքի հետ կապուած խումբ մը ուխտաւորները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 7 նոյեմբերին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սպանիոյ «Թալավերա Տէ Լա Ռէյնա» շրջանի Ակոսթինեաներուն վանքի հետ կապուած խումբ մը ուխտաւորները։

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց վանքը բնորոշող հայեցողական եւ կրթական կեանքի հրամայականը ու կարեւորեց Առաքելական ծառայութեան ու Աստուծոյ հետ հանդիպումի միջեւ կապը։

Նորին Սրբութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց կրօնաւորուհիներուն քրիստոնէական դաստիարակութեան գործին մէջ ունեցած նպաստին համար, բարձր գնահատելով անոնց դերը երիտասարդներու կրօնաւորական եւ հոգեւոր կազմաւորման գործին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց մայրապետները աղօթելու իրեն համար ինչպէս նաեւ դառնալու աղօթքի կեանքի տիպարները, ընդգծելով որ աղօթքի ուսուցումը մանուկներուն կրթութեան մէջ հիմնարար է ։

Քահանայապետը հրաւիրեց պահպանելու ուրախութիւնը եւ զուարթամտութիւնը, նկատել տալով, որ զուարթամտութեան իմաստը կորսնցնելը կը յանգեցնէ թթուած վերաբերմունքի։

«Կը փափաքիմ, որ իմ օրհնութիւնս փոխանցէք Ակոսթինեան Քոյրերուն ու կը հրաւիրեմ ոչ միայն ինծի համար աղօթելու, այլ ըլլաք ներքին կեանքին օրինակ, աղօթքի արուեստի ուսուցիչներ, որպէսզի դպրոցէն մանուկներուն փոխանցուած գիտելիքներէն կարենայ դուրս բխի Աստուծոյ հետ խօսելու, ունկնդրելու, կեանքի ամէն պահուն մէջ Աստուած ներկայ զգալու կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ Անոր ներշնչումները հեդութեամբ ընդունելու կարողութիւնը։ Թող Յիսուս ձեր օրհնէ եւ Սուրբ Կոյս Մարիամ ձեզ պաշտպանէ։ Շնորհակալութիւնը», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2024, 11:19