Ֆրանչիսկոս Պապ. Երիտասարդները կրթել ուրիշներուն ծառայելու ու անտարբերութիւնը յաղթահարելու համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 30 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հռոմ ուխտագնացութեամբ ժամանած Ֆրանսայի Պետութենէն ընտրուած ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւն մը։ Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ կարգ մը նիւթերուն, հրաւիրելով ներկաները խոկալու երիտասարդներուն կրթութեան կարեւորութեան, խոցելիներու նկատմամբ զօրակցութեան մասին, ընդգծելով անբուժելի հիւանդներուն ամոքիչ բուժօգնութեան կարեւորութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապ ողջոյնի իր խօսքը սկսաւ պատուիրակութեան անդամներուն ջերմ ողջոյնով ապա անդրադարձաւ Ֆրանսայի հարաւային տարածաշրջանի մշակութային ժառանգութեան հարստութիւններուն, յիշելով տեղացի նշանաւոր հեղինակներ, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային միջերկրականի յատկութիւնը, որպէս տարբեր մշակոյթներու միջեւ հանդիպումի վայր ու ընդգծեց հաւատքի կեանքը հանրութեան պարտականութեան մէջ միացնելու կարեւորութիւնը։
Ֆրանչիսկոս պապ ընդգծեց երիտասարդները կրթելու՝ ուրիշներուն հոգ տանելու եւ հասարակութեան մէջ գործօն կերպով ներգրաւելու կարեւորութիւնը ու անոնք հեռու մնան այն գաղափարէն, որ միայն ընկերային ցանցերու մէջ կարելի է ժամանց գտնել։
Քահանայապետը ապա խօսքը կեդրոնացուց անբուժելի հիւանդները ու մահուան սեմին գտնուող անձերը բուժօգնութեամբ խնամելու կարեւորութեան վրայ հրաւիրելով ներկաները ուշադրութեամբ անդրադառնալու այդ բանավէճին մասին խթանելով ամոքիչ բուժօգնութիւնը, որպէս հիմնարար օգնութեան ձեւ մահուան սեմին գտնուող անձերուն եւ անբուժելի հիւանդներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով ճանչնալու կրօնքի եւ քաղաքականութեան միջեւ ընդհանուր հետաքրքրութիւնը՝ ընդհանուր բարօրութեան հետապնդման մէջ։
«Եկեղեցին կը ցանկանայ նորից արթնցնել հոգեւոր ուժերը, որոնք արգասաբեր կը դարձնեն ողջ ընկերային կեանքը, (Fratelli tutti, 276) եւ դուք կարող էք ապաւինիլ անոր օգնութեան։ Շնորհակալ եմ ձեր այցելութեան համար եւ Տիրոջ կ՝աղօթեմ, որպէսզի ոգեշնչէ ձեր ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները տարածաշրջանի ընդհանուր բարօրութեան համար ու աջակցի անոնց իրականացման գործին մէջ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ