Քահանայապետին կոչերը վասն խաղաղութեան. Խաղաղութեան փնտռտուքը քիչերու պատասխանատուութիւնը չէ այլ բոլորինը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մէկ դեկտեմբեր 2024ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով ս. Պետրոս հրապարակ համախմբուած ուխտաւորները, նախ ակնարկեց Արժանթինի ու Չիլիի միջեւ բարեկամութեան ու խաղաղութեան համաձայնագիրի քառասուն ամեակին նշելով, որ Սուրբ Աթոռի միջնորդութեամբ կատարուած այդ համաձայնագիրով վերջ դրուեցաւ հողատարածքային վէճին, որ Արժանթինն ու Չիլին մղած էր պատերազմի սեմին։
Չիլիի եւ Արժանթինի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի 40 ամեակը
«Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ երբ կը հրաժարինք զէնքերու օգտագործումէն ու կը ձգտինք երկխօսութեան լաւ ուղեւորութիւն կը կատարենք» ըսաւ Քահանայապետը ապա խնդակցութիւն արտայայտեց Լիբանանին մէջ կրակմարին համար, յոյս յայտնելով, որ այդ մէկը յարգուի բոլորի կողմէ, թոյլ տալով, որ տարածաշրջանի բնակչութիւնը կարողանայ ապահով կերպով վերադառնալ տուները, ըլլան անոնք լիբանանցի կամ իսրայէլացի, նաեւ Լիբանանի Բանակի աջակցութեամբ ու Միացեալ Ազգերու խաղաղապահ զօրքերու օգնութեամբ։
Լիբանանը եւ Նախագահի ընտրութիւնը
Սրբազան Պապը հուսկ զօրեղ կոչ մը ուղղեց Լիբանանի քաղաքական բոլոր գործիչներուն, որպէսզի, ըսաւ Ան, «արագօրէն ընտրուի հանրապետութեան նախագահը ու իշխանութիւնները վերագտնեն իրենց բնականոն գործունէութիւնը, ի գործ դնելով բարեփոխումները ու Երկրին երաշխաւորելով տարբեր կրօններու միջեւ խաղաղ համակեցութեան իր օրինակելի դերը»։
Կոչ զինադադարի
Նորին Սրբութիւնը հուսկ յոյս յայտնեց, որ բացուած խաղաղութեան շողը մղէ զինադադար հաստատելու նաեւ այլ ճակատներու վրայ, «յատկապէս Կազայի մէջ» ըսաւ Ան, դիտել տալով, որ ինք ի սիրտ ունի նաեւ պատանդ առնուած իսրայէլացիներու ազատ արձակումը ու Պաղեստինի բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւններու երաշխաւորումը։
Աղօթենք Սուրիոյ համար
«Ապա աղօթենք Սուրիոյ համար» շեշտեց Քահանայապետը, ուր դժբախտաբար պատերազմը դարձեալ բռնկուեցաւ, պատճառելով բազմաթիւ զոհեր։ «Ես մօտիկ եմ Սուրիոյ Եկեղեցւոյ։ Աղօթենք» յորդորեց Նորին Սրբութիւնը։
Ուքրանացիներն ու ցուրտը
Ան ապա մտահոգութիւն արտայայտեց նաեւ Ուքրանիոյ հակամարտութեան համար, որ տարիներէ ի վեր մահ, վիրաւորներ, բռնութիւն ու կործանում կը պատճառէ եւ որուն առաջին զոհերն են մանուկները, կիները եւ դիւրաբեկ անձերը։
«Պատերազմը սարսափ է, պատերազմը Աստուած ու մարդկութիւնը կ՛ անարգէ, ան ոչ մէկը կը խնայէ, միշտ ալ պարտութիւն է, պարտութիւն համայն մարդկութեան» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը, հրաւիրելով մտաբերել ձմեռուան եղանակը, որ աւելիով կը ծանրացնէ միլիոնաւոր տեղահանուածներուն վիճակը։ «Անոնք պիտի ըլլան դժուար ամիսներ, պատերազմի ու ցուրտին պատճառաւ։ Անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղեմ միջազգային հասարակութեան ու բարի կամքի տէր իւրաքանչիւր մարդու ու կնոջ, որպէսզի գործեն կանգնեցնելու համար այս պատերազմը ու գերակշռէ երկխօսութիւնը, եղբայրութիւնը եւ հաշտութիւնը»։
Խաղաղութեան փնտռտուքը քիչերու պատասխանատուութիւնը չէ այլ բոլորինը
«Թող տարբեր մակարդակներով բազմապատկուի նորոգուած յանձնառումը ու մինչ կը պատրաստուինք Սուրբ Ծննդեան, մինչ կը սպասենք խաղաղութեան Թագաւորի ծնունդը, այդ բնակչութեան թող տրուի շօշափելի յոյս մը»։ «Խաղաղութեան փնտռտուքը քիչերու պատասխանատուութիւնը չէ այլ բոլորինը։ Եւ եթէ պատերազմի սարսափներու նկատմամբ հակուածութիւնն ու անտարբերութիւնը գերակշռեն, ապա ամբողջ մարդկային ընտանիքը կը պարտուի» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով չյոգնիլ աղօթելէ` տառապող բնակչութեան համար եւ Աստուծմէ հայցելէ խաղաղութեան պարգեւը։
Ան ապա ողջունեց տարբեր վայրերէ ժամանած ուխտաւորներու խումբերը եւ խօսքը եզրափակեց մաղթելով «Գլաստեան»շրջանի բարի սկիզբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ