Il Papa, vicino agli abitanti di Mayotte colpiti dal ciclone

Աղօթենք խաղաղութեան համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

Հայցենք խաղաղութեան իշխանէն, Տիրոջմէ, որ մեզի պարգեւէ այս շնորհքը` խաղաղութիւնը, խաղաղութիւն աշխարհին։ Չմոռնանք որ պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է, միշտ։ Պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, աղօթենք խաղաղութեան համար։ Չմոռնանք պատերազմի պատճառաւ տառապող մարդիկը` Պաղեստինը, Իսրայէլը, ու բոլոր անոնք` որոնք կը տառապին։ Ուքրանիան, Միանմարը։ Չի մոռնանք աղօթելու խաղաղութեան համար, որպէսզի պատերազմները աւարտին։ Հայցենք խաղաղութեան իշխանէն, Տիրոջմէ, որ մեզի պարգեւէ այս շնորհքը` խաղաղութիւնը, խաղաղութիւն աշխարհին։ Չմոռնանք որ պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է, միշտ։ Պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է». Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նորոգուած կոչը աղօթելու խաղաղութեան համար։ Կոչ զոր ան կատարեց Չորեքշաբթի 18 դեկտեմբերի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին ողջունելէ ետք իտալացի ուխտաւորները։

Այդ առթիւ ան ողջունեց նաեւ երիտասարդները հիւանդները տարեցներն ու նորապսակները ըսելով. «Սուրբ Ծնունդը մօտ է եւ ինծի հաճելի է մտածել` որ ձեր տուներուն մէջ զետեղուած է մսուրը, այս մեր հոգեւորութեան ու մեր մշակոյթին համար կարեւոր տարրը` ոգեշնչող միջոց է, յիշելու Յիսուսը, ով եկաւ «մեր մէջ բնակելու» ըսաւ Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2024, 10:07