Գումարուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին խորհրդատու ինը Կարդինալներու ժողովը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
2 եւ 3 դեկտեմբերին, Վատիկանի Սանթա Մարթա Տան մէջ տեղի ունեցաւ կարդինալներու Խորհուրդի նստաշրջանը, Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Խորհուրդի քարտուղարին մասնակցութեամբ։
Լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, որուն մէջ կը նշուի, որ ժողովի ընթացքին քննարկուեցան տարբեր նիւթեր, Կարդինալ Սեմերարոյի հետ եկեղեցւոյ Նուիրապետութեան վերաբերող, տեղական եկեղեցւոյ եւ եկեղեցական ժողովներուն միջեւ փոխյարաբերութիւններուն մասին նիւթեր ու ընդհանուր զրոյցը շարունակուեցաւ վերջերս աւարտած սինոդի շուրջ։
Կարդինալներու Խորհուրդի նստաշրջանին ուսումնասիրութեան նիւթ եղաւ եկեղեցւոյ մէջ կնոջ դերի թեման, փնտռելով Խորհուրդի վերջին չորս նստաշրջաններուն ընթացքին ի յայտ եկած հարցերուն համադրութիւնը։
Ժամանակ յատկացուեցաւ «Praedicate evangelium» առաքելական սահմանադրութեան սկզբունքներուն եւ չափանիշերուն ուսումնասիրութեան եւ իրականացման՝ թեմական քուրիաներէն ներս, ինչպէս նաեւ Քահանայապետական ներկայացուցիչներուն դերին նիւթին միսիոնարական սինոդական հեռանկարին մէջ, զրուցելով համապատասխան ուսումնասիրութեան խումբին նախագահ Կարդինալ Կրասիասի հետ։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան աւարտին կը կարդանք
որ ինչպէս միշտ խորհուրդը հնարաւորութիւն եղաւ, կարդինալներուն ժամանած տարբեր տարածաշրջաններու մէջ եկեղեցւոյ եւ աշխարհի իրավիճակի վերաբերեալ ընդհանուր խորհրդածութեան, կիսելու համար պատերազմի պայմանները եւ ներկայ ճգնաժամային հարցերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ